Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, որ անցնող շաբթուան ընթացքին մեկնած էր Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպում ունեցած էր Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ, յայտնեց, որ թագաւորը յանձնառու է Լիբանանի նախագահական ընտրութեան կատարման:
Ժոմպլաթ նշեց, որ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը քաջածանօթ է լիբանանեան իրավիճակին եւ այս կամ այն քաղաքական ուժին չի զօրակցիր, այլ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:
«Սալման թագաւորը նախանձախնդիր է, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը յաջողցնեն նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը», ըսաւ Ժոմպլաթ: