Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԸՍՏ ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼԻԻ ԱԲԽԱԶԻՈՅ ՄԷՋ ՄՈՆԿՈԼՆԵՐ ԵՒ ԲԱՐԲԱՐՈՍՆԵՐ Կ՛ԱՊՐԻՆ

August 25, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միխայիլ Սահակաշվիլի

Ռուսական «Վզ.ռու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թիֆլիսի մէջ գործող «Բազմազգ Վրաստան» կազմակերպութիւնը դարձեալ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիին դիմելով անկէ պահանջած է «պատասխան տալ» օտարատեաց յայտարարութիւններու վերաբերեալ:

Կազմակերպութեան նախագահ Առնոլտ Ստեփանեան վրացական «Մայեսթրօ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ խօսքը կը վերաբերի Աբխազիոյ սահմանին մօտ գտնուող նորաբաց Անաքլիա առողջարանի բացման արարողութեան ընթացքին Սահակաշվիլիի արտասանած խօսքին, որուն ընթացքին ան Աբխազիոյ կողմը ցոյց տալով ըսած էր, որ այնտեղ «մոնկոլներու սերունդներ» եւ բարբարոսներ են, իսկ այս կողմը (Վրաստանի մէջ) «հնագոյն քաղաքակրթութիւն է»:

Պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ յստակ չէ, թէ «այն կողմը ցոյց տալով» Սահակաշվիլին ճիշդ որո՞ւ կ՛ակնարկէր` աբխազներո՞ւն, թէ՞ ռուս զինուորներուն:

«Բազմազգ Վրաստան»ը նախապէս եւս նամակներ ուղարկած է Վրաստանի նախագահի աշխատակազմին` նախագահէն պահանջելով ներում հայցել օտարատեաց յայտարարութիւններու համար:

Կազմակերպութիւնը նախապէս նաեւ արծարծած էր վրացի յայտնի բեմադրիչ Ռոպերթ Սթուրան պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցը: Վերջինս Վրաստանի նախագահ Սահակաշվիլին հայ անուանած էր` աւելցնելով, որ ինք չ՛ուզեր, որ իր երկրի նախագահը ըլլայ հայ մը, որ ոչինչ կը հասկնայ, թէ վրացիները ինչ կ՛ուզեն:

Նախորդը

ՈՒԺԳԻՆ ԵՒ ՀԱԶՈՒԱԴԷՊ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ՄԸ ՑՆՑԵՑ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԸ

Յաջորդը

«ԹՐԻՓՈԼԻԻ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԸ ՄԱՔՐԷ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԷՆ» Կ՛ԸՍԷ ՔԱԶԶԱՖԻ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։