
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Խմբագիրներու սենտիքայի անդամներուն եւ անոնց խորհրդատուներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Շարպել յայտնեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ զգայուն հանգրուան մը, որ կ՛ենթադրէ մտերիմ գործակցութիւն` քաղաքական պատասխանատուներուն, լրագրողներուն եւ տեղեկատուական մարզի բոլոր ներկայացուցիչներուն միջեւ: Ան կոչ ուղղեց Խմբագիրներու սենտիքային նախաձեռնելու խորհրդաժողովի մը եւ լիբանանեան բոլոր լրատուամիջոցներուն եւ մամուլին ներկայացուցիչները հրաւիրելու, որպէսզի քաղաքական բոլոր թեւերը ներկայացնող լրագրողներուն ներկայութեան պարզաբանուին երկրին դիմագրաւած հարցերը: «Բոլորս ալ կը գտնուինք մէկ նաւու մէջ, եւ եթէ այդ նաւը ընկղմի, բոլորս կ՛ընկղմինք», ըսաւ Շարպել:
Անդրադառնալով Անթիլիասի պայթումին` ներքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ այդ հարցը անձնական է երկու զոհերուն միջեւ: Ան նշեց, որ պայթած ձեռնառումբին զոհ գացած քաղաքացիները իրարու միջեւ նիւթական հարցեր ունեցած են եւ այդ պատճառով ալ արձանագրուած է պայթումը:
«Ոստիկանութեան եւ դատական իշխանութիւններուն բացած հետաքննութիւնը փաստեց այս իրականութիւնը, հակառակ այն իրականութեան, որ ինծի դէմ լուրջ արշաւ մղուեցաւ», ըսաւ Շարպել:
Ակնարկելով «Թայմ» շաբաթաթերթին հրատարակած յօդուածին` Շարպել յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Միջազգային դատական ատեանին միջեւ յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը կը կատարուի ընդհանուր դատախազութեան խողովակով` աւելցնելով սակայն, որ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզայի կողմէ ներքին ապահովութեան ուժերուն օժանդակութիւնը խնդրելու պարագային անվարան օժանդակութիւն կը ցուցաբերուի եւ գործակցութիւնը կը հասնի իր գագաթնակէտին:
Շարպել կոչ ուղղեց զգուշանալու շրջանին, յատկապէս` Սուրիոյ մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն հետեւանքներէն. ան ընդգծեց, որ այս կացութիւնը պէտք է դիմագրաւել լիբանանեան ազգային միասնականութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել նաեւ Լիբանանի գերագոյն շահերը:
Միւս կողմէ, Շարպել ներկայ գտնուեցաւ նաեւ պաշտպանութեան, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նիստին:
Երեսփոխան Սամիր Ժսըրի նախագահութեամբ գումարուած նիստին ընթացքին Շարպել զեկուցում մը ներկայացուց Լիբանանի մէջ վերջին հանգրուանին տիրող ապահովական կացութեան եւ արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն մանրամասնութիւններուն մասին: Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ ապահովական առումով երկրին մէջ ստեղծուած իրարանցումին պատճառը հետաքննութեանց աւարտին չհասած կատարուող մեկնաբանութիւններն են:


