Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Ձեռնարկները Համակարգող Յանձնաժողովը Սուրիահայութեան Եւ Իրաքահայութեան Վերաբերեալ Յայտարարութիւն Ընդունած Է

September 29, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

hayd_9-28-15

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովը 25 սեպտեմբերին ընդունած յայտարարութեամբ իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն, որոնք մէկ դար առաջ ապաստան տուին Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած մեր հայրենակիցներուն, որոնք դարձան այդ երկիրներու կառուցման գործին մասնակիցները: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի յայտարարութեան մէջ ըսուած է.

«Այժմ, երբ վտանգուած է շրջանի ժողովուրդներու կեանքը, ազգային ու կրօնական համայնքներու գոյութիւնը, մենք մեր բարոյական պարտքը կը նկատենք կանգնիլ անոնց կողքին: Այս օրերուն ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռած է Միջին Արեւելքի, մասնաւորապէս` Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տեղի ունեցող ողբերգական իրադարձութիւններու, ահաբեկչութիւններէն ու քաղաքացիական պատերազմէն փրկուած գաղթականներու ճակատագիրներուն վրայ:

Հայաստան բացած է դռները Սուրիայէն եւ Իրաքէն եկած հայերուն առջեւ եւ աւելի քան 16 հազար գաղթական ընդունած է: Հայաստանի պետական բոլոր կառոյցները ներգրաւուած են անոնց հիմնախնդիրները լուծելու եւ հասարակութեան մէջ անոնց ընդելուզումը արագացնելու աշխատանքներուն:

Հայկական սփիւռքի կառոյցները, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը բազմաթիւ ծրագիրներ նախաձեռնած են եւ իրականացուցած Սուրիոյ եւ Իրաքի հայութեան վիճակը մեղմացնելու ուղղութեամբ:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովը`

– խորապէս մտահոգուած ըլլալով Միջին Արեւելքի մէջ ծաւալող իրադարձութիւններով,

– շահագրգիռ ըլլալով այդ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան շուտափոյթ հաստատումով,

– խստօրէն դատապարտելով ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ իրականացուող ոճրագործութիւնները, որոնց զոհ կը դառնան հազարաւոր անմեղ մարդիկ, աւերակ կը դառնան սրբավայրեր, կոթողներ եւ մշակութային արժէքներ,

– գնահատելով նման վայրագութիւնները իբրեւ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ գործուած յանցանքներ,

– գիտակցելով, որ շրջանի ժողովուրդներու պաշտպանութիւնը կը պահանջէ գործողութիւններու համադրում եւ համակողմանի աջակցութիւն, որոնց շարքին` մարդասիրական օգնութեան տրամադրում ինչպէս գաղթականներուն, այնպէս ալ վտանգուած համայնքներուն`

ԿԸ ԴԻՄԷ

– միջկառավարական եւ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններուն, գաղթականներու խնդիրներու լուծման ուղղուած ծրագիրներ իրականացնող պետութիւններուն` ըստ կարելւոյն շտապ բազմակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերելու աղէտալի իրավիճակի մէջ յայտնուած Սուրիոյ ժողովուրդին, համապատասխան միջոցներ ձեռնարկելու բոլոր գաղթականներուն եւ զանոնք ընդունելու հարցով գործօն քայլեր ձեռնարկած պետութիւններուն, որոնց մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան օժանդակելու խնդիրով,

– հայաստանեան բոլոր պետական հիմնարկներուն, հանրային եւ մասնաւոր կառոյցներուն` այսուհետեւ եւս համակողմանի քայլեր ձեռնարկելու` դիւրացնելու համար սուրիահայերուն առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծումները հայրենիքի մէջ,

– համայնքային բոլոր կառոյցներուն, անհատներուն` կարելի բոլոր միջոցներով սատարելու եւ համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերելու ինչպէս տակաւին Սուրիոյ մէջ գտնուող համայնքին, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն:

Սուրիահայութեան տագնապալի վիճակը ներկայիս ամբողջ հայ ազգին առջեւ ծառացած մարտահրաւէր է, եւ անիկա յաղթահարելու համար հրատապ անհրաժեշտութիւն է` համախմբել Հայաստանի եւ սփիւռքի ուժերն ու կարելիութիւնները` համակարգելու բոլոր գործողութիւնները` հաւաքական ջանքերով լուծում տալու մեր հայրենակիցներու հիմնախնդիրներուն:

Մենք կը վերահաստատենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու սփիւռքը այսուհետեւ եւս պիտի սատարեն արտակարգ իրավիճակի մէջ յայտնուած եւ օգնութեան կարիք ունեցող իւրաքանչիւր հայորդիի` իբրեւ սրբազնագոյն պարտք եւ պատասխանատուութիւն:

 

 

 

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Աշխատանքային Նիստ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի Ներկայացուցիչներուն Մասնակցութեամբ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Հայոց Բանակին

RelatedPosts

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն  Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան  Զինուորական Աջակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան Զինուորական Աջակցութիւնը

October 9, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ

October 9, 2026
ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար  Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան  Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.