Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակորդը Ակնայի Ուղղութեամբ Տուած Է Մէկ Տասնեակէն Աւելի Զոհ Եւ Վիրաւոր

Սեպտեմբեր 29, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

art_9-28-15Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է Ազրպէյճանի կրակային հարուածներուն իբրեւ արդիւնք եօթը հայ զինուորական ծառայողի մահուան մասին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած յայտարարութիւնը:

«Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը այն մասին, թէ իրենց զինուորական ուժի թիրախային կրակային հարուածներուն հետեւանքով եօթը հայ զինուորական ծառայող սպաննուած է, իրականութեան չի համապատասխաներ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ ի պատասխան ազրպէյճանական զինուորական ուժի նախայարձակ գործողութիւններուն, պաշտպանութեան նախարարութեան յառաջապահ զօրամասերը դիմած  են պատժիչ քայլերու, որոնց իբրեւ արդիւնք հակառակորդը Ակնայի ուղղութեամբ տուած է մէկ տասնեակէ աւելի սպաննուածներ եւ վիրաւորներ:

Պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չէ ունեցած», ըսուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Միւս կողմէ, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ 27 սեպտեմբերի լոյս 28-ի գիշերը հակառակորդին կողմէ զինադադարը խախտուած է մօտ 120 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 (41 արկ), 82 (100 արկ) եւ 120 մմ-ոց (8 արկ) ականանետերէ ու ՌՊԳ¬7 (2 արկ) եւ ՀԱՆ-17 (3 արկ) տիպի նռնականետերէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 900 կրակոց:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, վերոնշուած զինատեսակներէն բացի, հայկական դիրքերու ուղղութեամբ հակառակորդը կիրարկած է նաեւ ԹՐ-107 տիպի հեռահար հրթիռահրետանային կայանք (24 արկ):

Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերուն կողմէ ձեռնարկուած պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք` հակառակորդին նախայարձակ գործողութիւնները լռեցուած են:

 

Նախորդը

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Հաւատարիմ Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Իրավիճակի Կարգաւորման» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Երեւանի Մէջ Աշխատանքային Նիստ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի Ներկայացուցիչներուն Մասնակցութեամբ

RelatedPosts

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»
Հայկական

Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?