Հայաստանեան «Չորրորդ իշխանութիւն» օրաթերթը 23 սեպտեմբերի իր թիւին մէջ կը գրէ. «Հայաստանի տնտեսական անկումը սկսած է ինքզինք զգալի դարձնել: Ազգային վիճակագրութեան ծառայութիւնը երէկ հրապարակած է այս տարուան յունուար-օգոստոս ամիսներու ընկերային-տնտեսական ցուցանիշները, ըստ որոնց, տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը դարձած է 3,9 առ հարիւր, երբ ընդամէնը մէկ ամիս առաջ իշխանութիւնները նախատեսած էին 4,2 առ հարիւրի աճ:
«Այսինքն` մէկ ամսուան ընթացքին այդ ցուցանիշը նուազած է 0,3 առ հարիւրով: Ի դէպ, այս ընթացքին նուազած է նաեւ ներքին առեւտրաշրջանառութիւնը` 5,4 առ հարիւրով, իսկ արտաքին առեւտրաշրջանառութիւնը` 19,5 առ հարիւրով»: