Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

August 24, 2011
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԻՒՄՐԻ

Ս. Փրկիչ եկեղեցին

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ գլխաւոր քաղաքն է Գիւմրի, որ պատմութեան մէջ անուանի եղած է իբրեւ արհեստներու եւ մշակոյթի կարեւոր կեդրոն:

ԳԻՒՄՐԻ

Գիւմրի, պատմական Կումայրի, պատմական հին բնակավայր է եւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ գլխաւոր քաղաքը:

Գիւմրի կը գտնուի Շիրակի դաշտին մէջ, Ախուրեան գետի ձախ ափին, ծովու մակերեսէն 1550 մեթր բարձրութեան վրայ, Երեւանէն 126 քիլոմեթր հիւսիս-արեւմուտք: Քաղաքին արեւմտեան մասը աւելի բարձրադիր է:

Գիւմրի հին բնակավայր եղած է, ինչպէս որ կը վկայեն յայտնաբերուած հնագիտական յուշարձանները: Շինարարական աշխատանքներու եւ հնագիտական պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած են կաւէ, քարէ եւ պղիձէ իրեր, բրածոյ կենդանիներ, երկաթէ դանակներ, նետեր, նիզակներու ծայրեր, ձուլման արհեստանոց, աշխատանքի գործիքներ, կաւածեփ բնակարաններու հիմքեր եւ դամբարաններ:

Արաբական տիրապետութեան հաստատումէն ետք, Է. դարուն, Արտաւազդ Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ ժողովրդային խռովութիւններ տեղի ունեցան Կումայրիի մէջ:

Կումայրիի եկեղեցին կառուցուած է Է. դարուն: Եկեղեցիին շուրջ տարածուած էր գիւղը` նեղ ու դարձդարձիկ փողոցներով եւ կիսագետնափոր ու միայարկ բնակարաններով:

ԱԼԵՔՍԱՆԴՐԱՊՈԼ

Ալեքսանդրապոլ ԺԹ. դարու վերջաւորութեան

Ռուսեր 1804-ին գրաւեցին Գիւմրին: 1828-1829-ի ռուս-թրքական պատերազմէն ետք, գլխաւորաբար Կարինէն, ինչպէս նաեւ Կարսէն եւ Պայազիտէն գաղթական մօտաւորապէս երեք հազար հայ ընտանիքներ բնակութիւն հաստատեցին Գիւմրիի մէջ:

Մինչեւ այդ ժամանակ փոքր բնակավայր, Գիւմրի արագօրէն բարգաւաճեցաւ եւ արհեստներու կարեւոր կեդրոն դարձաւ: Վերաբնակիչներէն կարնեցիները մեծամասնութիւն ըլլալով, կարնեցիական բարբառը, բարքերն ու սովորութիւնները տիրապետող դարձան: 1830-ի տուեալներով Գիւմրի 11 հազար 280 բնակիչ ունէր:

Ռուսիոյ Նիկոլայ Ա. ցար 1837-ին այցելեց Գիւմրի, որմէ ետք, անոր կնոջ` Ալեքսանտրա Ֆէոտորովնա ցարուհիին անունով քաղաքը վերակոչուեցաւ Ալեքսանդրապոլ:

Այս ժամանակ, 1837-ին կազմուեցաւ Ալեքսանդրապոլի վերակառուցման առաջին գլխաւոր յատակագիծը: Քաղաքին վերակառուցումը սկսաւ ռուսական քաղաքաշինական սկզբունքներով: Գիւմրի եւ Ախուրեան գետերուն միջեւ, բարձունքին վրայ, սրբատաշ սեւ տուֆէ աշտարակաւոր պարսպապատ ամրոց կառուցուեցաւ, ուր հաստատուեցաւ զինամթերանոց, զօրանոց, գմբէթաւոր եկեղեցի եւ շտեմարան: Բերդը ունէր չորս դարպաս` Երեւանի, Թիֆլիսի, Կարսի եւ Ախալքալաքի: Նորակառոյց քաղաքը տարածուեցաւ Հին Գիւմրիէն դէպի արեւելք, դաշտային տարածութիւններուն վրայ: Կառուցապատումը կատարուեցաւ կանոնաւոր յատակագծման սկզբունքով: Հիւսիսէն հարաւ եւ արեւելքէն արեւմուտք երկարող փողոցներու ուղղանկիւն ցանցով քաղաքը մեծ եւ փոքր թաղամասերու բաժնուեցաւ: Բնակարանները, մէկ կամ երկու յարկանի, կառուցուեցան սրբատաշ տուֆով: 1840-ին Ալեքսանդրապոլ հռչակուեցաւ քաղաք:

1841-ին եւ այնուհետեւ` 1845-ին նոր յատակագիծներ պատրաստուեցան, որոնց մէջ պահպանուեցան նախորդ յատակագծման սկզբունքները:

Քաղաքին կեդրոնը Շուկայի հրապարակն էր, որմէ երկարող փողոցներուն վրայ կը գտնուէին խանութներ, արհեստանոցներ, եկեղեցիներ եւ վարչական շէնքեր:

Երեւանի նահանգի կազմէն ներս, 1849-ին կազմաւորուեցաւ Ալեքսանդրապոլի գաւառը` Ալեքսանդրապոլ կեդրոնով, ուր կը նստէր գաւառապետը:

Իբրեւ Անդրկովկասի ռուսական բանակի կարեւոր կեդրոն, քաղաքին եւ շրջակայքին մէջ կառուցուեցան ռազմական ամրութիւններ եւ Սեւերսքի, Պոլիկոննէր եւ Կազաչի Փոսթ զինուորական աւանները:

Ս. Նշան եկեղեցին

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կառուցուեցաւ 1843-1856 տարիներուն: Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին կառուցուեցաւ 1858-1876, տասնութը տարիներու ընթացքին, Անիի Կաթողիկէ մայր տաճարի տիպարով, եւ իր վիթխարի, ներշնչող չափերով ու կախարդական գեղեցկութեամբ քաղաքին հրաշակերտը դարձաւ: Սուրբ Նշան եկեղեցին կառուցուեցաւ 1876-1885 տարիներուն, իսկ ռուսական Սուրբ Նիկոլայ եկեղեցին կառուցուեցաւ 1879-1880 տարիներուն:

1872-ին կազմուած գլխաւոր յատակագիծով Ալեքսանդրապոլ ընդարձակուեցաւ եւ կառուցապատուեցան Ալեքսանդրովսքայա, Կարսսքայա, Գեներալսքայա եւ անոնց ուղղահայեաց` Բեհբութովի, Թիֆլիսեան եւ Գրուզինսքայա փողոցները: Իսկ զօրանոցային թաղամասերը կառուցապատուեցան սեւ տուֆէ երկյարկանի բնակարաններով:

Թիֆլիս-Ալեքսանդրապոլ-Կարս երկաթուղին կառուցուեցաւ 1899-ին: Իբրեւ երկաթուղային գլխաւոր հանգոյց, Ալեքսանդրապոլ, աւելի քան 30 հազար բնակչութեամբ, առեւտուրի, արհեստներու, մշակութային, ինչպէս նաեւ ռազմագիտական կարեւոր կեդրոն դարձաւ:

ԱՐՀԵՍՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆՆԵՐ

Ալեքսանդրապոլի բնակչութիւնը բաղկացած էր գլխաւորաբար արհեստաւորական գերդաստաններէ, եւ իւրաքանչիւր գերդաստան ունէր իր մասնագիտութիւնը: Ալեքսանդրապոլցի արհեստաւորներուն եւ վարպետներուն անունները հռչակ հանած էին ամբողջ Կովկասի մէջ: Չկար գերդաստան մը, ուր տուեալ արհեստը կամ արուեստը սերունդէ-սերունդ ժառանգուած չըլլար: Գերդաստաններէն շատեր ծանօթ են իրենց արհեստներուն անուններով:

Ղույումչեանները կամ Ոսկերիչեանները սերունդէ-սերունդ ոսկերիչներ էին, Փախըրճոնք պղնձագործներ էին, Եափուճոնք` որմնադիրներ, Խզարճոնք` սղոցողներ, Ֆայտոնճոնք` կառք պատրաստողներ:

Տարախչեաններու վարպետ ոսկերիչներու տոհմին նահապետն է Մարտիրոս, որուն պատրաստած ոսկեզօծ արծաթէ գահը Փարիզի 1889-ի համաշխարհային ցուցահանդէսին ոսկէ մեծ մետալի արժանացած է: Մարտիրոսի զաւակներէն ամէնէն աւելի անուանի դարձաւ վարպետ Գուրգէն Տարախչեան (1897-1943), որ քանդակեց ու փորագրեց Խորհրդային Հայաստանի առաջին շքանշաններն ու կրծքանշանները: Գուրգէնի կրտսեր զաւակը` Օննիկ եւս անուանի վարպետ եղաւ: Տոհմի ներկայացուցիչներէն յիշենք նաեւ համայնավար յեղափոխական եւ քաղաքական գործիչ Վարդուշ Տարախչեանը (1894-1980): Տարախչեաններուն հին բնակարանին մէջ պահպանուած են տոհմական արհեստի նմուշները:

Գիւմրիի հին բնակարաններէն

Անտիկեանները վարպետ շինարարներ էին: Անոնցմէ ամէնէն աւելի անուանի դարձաւ վարպետաց-վարպետ կամ ուստապաշի կոչումին արժանացած Թաթոս Անտիկեան (1835-1899): Կառուցեց քաղաքին Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին եւ մասնակցեցաւ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանի կառուցման: Կառուցեց նաեւ տուներ Ալեքսանդրապոլի եւ Կարսի մէջ: Անոր ձեռակերտն է Ալեքսանդրապոլի իր երկյարկանի տան նկուղային յարկի քանի մը տասնեակ թոն կշռող, հորիզոնական քարէ առաստաղը, որ ժողովրդական ճարտարապետութեան հրաշալիք մըն է:

Քաղաքին անուանի տոհմերէն էին նաեւ Վանեցեանները (որոնք բնիկ վանեցիներ եղած են), Խոյեցեանները (որոնք Խոյէն գաղթած են), Ձիթողցեանները (Կարնոյ Ձիթող գիւղէն), Իսահակեանները, Մազմանեանները, Աղսախալեանները, Աւագեանները, Քէշիշեանները եւ Ալմոյեանները:

Գիւմրեցիներու տուֆէ միայարկ կամ երկյարկանի բնակարանները միաշար կամ երկշար դասաւորութեամբ սենեակներէ բաղկացած են: Բակի կողմէն տուները ունին պատշգամներ, իսկ փողոցէն նայող կողմը կամարակապ շքեղ դարպասն է: Հարուստներու բնակարանները ունին շթաքարէ քիւ, քանդակազարդ քարէ ջրհորդարաններ եւ լուսամուտներու երեսակալներ:

ԱՇՈՒՂՆԵՐ

Գիւրի համբաւաւոր էր իր աշուղներով: Գիւմրեցի կամ Գիւմրի ապրած անուանի աշուղներ են Շիրին, Հազիրի, Ջամալի, Պայծառ, Զահրի, Ֆիզահի, Քեամալի, Խայաթ, Մալուլ, Հաւէս, Շերամ, Իգիթ եւ այլք: Քաղաքին սրճարանները` ղայֆաները աշուղական երգի ու նուագի կեդրոններ էին: Ամէն սրճարան ունէր իր աշուղը կամ աշուղական խումբը: Գիւմրեցի աշուղներուն երգերը տարածուած են տարբեր գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ: Աշուղները յաճախ կը հրաւիրուէին Թիֆլիս, Պաքու, Երեւան, Էջմիածին եւ մինչեւ Աստրախան ու ռուսական այլ քաղաքներ:

Գիւմրեցի աշուղները իրենց արուեստին նուիրուած անձեր էին, ուսումնասէր, կարդացած, քաջատեղեակ աշուղական արուեստի նրբութիւններուն, հայ եւ արեւելեան հերոսավէպերուն ու սիրավէպերուն, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար առասպելաբանութիւններուն: Գիտէին լեզուներ, այդ լեզուներով խաղեր կը յօրինէին եւ օտարներու հետ անոնց լեզուներով կը չափուէին: Աշուղներու միջեւ հրապարակային մրցումներ կը կազմակերպուէին, որոնց կը մասնակցէին մեծ թիւով հանդիսականներ եւ աշուղներ: Պարտուողը յանպատրաստից երգով մը կը խոստովանէր եւ կը գովաբանէր յաղթողին բարձր արուեստը եւ մրցոյթը կ՛աւարտէր խաղաղութեամբ: Գիւմրեցի աշուղներուն մօտ պարտուողին նուագարանը վերցնելու սովորութիւն չկար:

Գիւմրիի համայնապատկերը

Աշուղները ունէին իրենց աշակերտները, որոնց կը սորվեցնէին աշուղական արուեստը, որմէ ետք քանի մը հոգիով կը վկայէին անոր վարպետացումը եւ համապատասխան գիր ու աշուղական անուն կու տային անոր: Աշուղները ունէին նաեւ իրենց ուստապաշին, որ կ՛ընտրուէր քաղաքի բոլոր աշուղներուն հաւանութեամբ:

Աշուղները ժողովուրդին կը ծանօթացնէին արեւելեան վէպեր, սիրավէպեր ու հեքիաթներ` Ռուստամ Զալ, Խոսրով թագաւոր, Ասլի Քեարամ, Քէօրօղլի, Լէյլի Մէճնուն, Սիամանթօ եւ Խաչէ Զարէ եւ այլն: Մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր յատկապէս Աշուղ Ղարիպ արեւելեան ժողովրդական երգախառն սիրավէպը, որ կը գովէ ազնիւ եւ նուիրական սէրը: Աշուղները կ՛արծարծէին բազմաթիւ թեմաներ` սէր, փիլիսոփայութիւն, մտորում, բարոյական խրատ, պատմական իրադարձութիւն, հայրենասիրութիւն եւ ընկերային ու կենցաղային հարցեր:

Աշուղ Մալուլ, բուն անունով` Գալուստ Սարգսեան (1823-1887) բնիկ կարսեցի էր, բայց Ալեքսանդրապոլ փոխադրուած էր, պարտիզպանութեամբ կ՛ապրէր եւ ջութակ կը նուագէր: Աշուղական արուեստին մէջ հմտանալով` հարիւրաւոր երգեր յօրինեց եւ կարեւոր աւանդ ներդրեց աշուղական արուեստի կանոններու եւ տաղաչափութեան ուսումնասիրութեան առումով:

Աշուղ Շիրին, բուն անունով` Յովհաննէս Կարապետեան (1827-1857), Սումալուի Կողբ գիւղէն էր եւ երկու տարեկանին կուրցած էր: Աշակերտեց գիւմրեցի աշուղներուն եւ սորվեցաւ քաման նուագել: Իր հիանալի, քաղցր ձայնին եւ սրտառուչ երգերուն համար արժանացաւ Շիրին կոչումին:

Աշուղ Հազիրի, բուն անունով` Համբարձում Աթոյեան (1840-1876), մեծ մասամբ բարոյախօսական ու կրօնական բովանդակութեամբ երգեր ու հանելուկներ յօրինեց:

Աշուղ Ջիւանի 1865-ին Ալեքսանդրապոլ փոխադրուեցաւ, ուր տեղացի աշուղները հոգատարութեամբ շրջապատեցին զայն եւ միաձայնութեամբ ուստապաշի ընտրեցին: Ան մինչեւ 1895 Ալեքսանդրապոլ մնաց եւ յետոյ Թիֆլիս փոխադրուեցաւ:

Աշուղ Ֆիզահի, բուն անունով` Գէորգ Կարապետեան (1847-1918) սորվեցաւ սազ եւ ջութակ նուագել եւ իր վարպետ աշուղ Զահրիի հետ շրջագայեցաւ ամբողջ Արեւմտեան Հայաստան, երգելով հայերէն եւ թրքերէն երգեր: Ստացաւ վարպետի կոչում:

Տալեանները սերունդէ սերունդ աշուղներու եւ արուեստագէտներու գերդաստան են: Աշուղ Քեամալի տոհմին առաջին վարպետն էր:

Աշուղ Ջամալի, բուն անունով` Մկրտիչ Տալեան (1848-1922), Յովհաննէս Տալեանի զաւակը, աշուղ Ջիւանիի աներորդին էր եւ անոր հետ շրջագայեցաւ Կովկասի հայաբնակ վայրերը, երգելով ու նուագելով ժողովուրդին համար: Հեղինակ է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններու եւ հանելուկներու ամենամեծ վարպետն է: Անոր հանելուկները լուծելու համար շատ մը աշուղներ մրցած են: Անոր զաւակն է երգիչ եւ թատերական գործիչ Շարա Տալեան (1893-1965):

Աշուղ Շերամ, բուն անունով` Գրիգոր Տալեան (1857-1938), աշուղ Քեամալիի թոռը եւ Կարապետի զաւակը, 12 – 13  տարեկանէն սկսաւ երգեր յօրինել, շարք մը շրջագայութիւններ կատարեց եւ իր առանձին խումբը կազմեց: Տալեաններու ընտանիքը 1915-ին Թիֆլիս փոխադրուեցաւ, իսկ 1935-ին անոնք Երեւան հաստատուեցան: Աշուղ Շերամի զաւակներէն Վարդգէս (1896-1947) երաժիշտ եղաւ, իսկ Վազգէն` բանաստեղծ եւ թարգմանիչ:

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔ

Ալեքսանդրապոլ մշակոյթի ու դպրութեան կարեւոր կեդրոն էր: Հոն կը գործէին ծխական ու մասնաւոր դպրոցներ, օրիորդաց գիմնազիա, առեւտրական դպրոցներ եւ քաղաքային ուսումնարաններ: Կային տպարաններ (առաջինը բացուած  էր 1876-ին) եւ կը հրատարակուէին  պարբերականներ, հանդէսներ, թերթեր, գիրքեր եւ օրացոյցներ:

Թատերական առաջին ներկայացումը տեղի ունեցած է 1865-ին, իսկ 1866-ին թատերախումբ կազմուած է: Հայ թատրոնի բազմաթիւ ականաւոր դերասաններ ելոյթներ ունեցած են հոն:

ՄԻՆՉԵՒ ՆԵՐԿԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐ

Ալեքսանդրապոլ 1914-ին 51 հազար 300 բնակիչ ունէր: 1918 մայիսին օսմանցիք գրաւեցին զայն, բայց դեկտեմբերին պարպեցին:

Հայ-թրքական 1920-ի պատերազմին, նոյեմբեր 7-ին թուրքեր կրկին անգամ գրաւեցին Ալեքսանդրապոլը, բայց Պաթումի դաշնագիրէն ետք քաշուեցան:

Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, 1924-ին քաղաքը վերակոչուեցաւ Լենինական: 1926-ի երկրաշարժին եւ յետոյ` 1988-ի երկաշարժին կրկին աւերուեցաւ: 1990-ին վերակոչուեցաւ իր բուն անունով` Գիւմրի:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

 

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (24 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

Յաջորդը

ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։