Այսօր` չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբերին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 16:30-ին, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը կը մրցի Թայուանի դէմ, Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնք տեղի պիտի ունենան Չինաստանի մէջ:
Նշենք, որ Լիբանանի կազմը միջազգային դասաւորման մէջ դասուած է 34-րդ, իսկ Ասիոյ դասաւորման մէջ` 6-րդ: Ինչ կը վերաբերի Թայուանի, անիկա միջազգային դասաւորման մէջ դասուած է 44-րդ, մինչ Ասիոյ մէջ` 7-րդ:
Նշենք, որ ախոյեանութեան նախօրեակին, երէկ տեղի ունեցաւ հանդիպում-ժողով մը` ախոյեանութեան մասնակցող երկիրներուն պատուիրակութիւններուն միջեւ (որոնց կարգին Լիբանան)` գլխաւորութեամբ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեանի: