Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Խաւիէ Թեպաս յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ եթէ Քաթալոնիա անկախութիւն ձեռք ձգէ, Պարսելոնա դուրս պիտի մնայ «Լա լիկա»-էն:
«Մեր մարզական օրէնքը շատ պարզ է: Ոչ սպանական ակումբներէն ախոյեանութեան կրնան մասնակցիլ միայն անտորրական խումբերը: Առանց քաթալոնական ակումբներու կրնան մնալ ոչ միայն «Լա լիկա»-ի, այլ նաեւ` պասքեթպոլի եւ հենտպոլի ախոյեանութիւնները», յայտարարեց Թեպաս: