Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիւ Եորք Թայմզ. «Ամերիկա Պէտք Է Թուրքիան Զրկէ Քիւրտերու Հետ Պատերազմելու Պատրուակէն»

September 15, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

erd-kurd_9-15-15

«Նիւ Եորք Թայմզ» մէկն է ամերիկեան հեղինակաւոր այն թերթերէն, որոնք պարբերաբար քննադատութիւններու թիրախ կ՛ընտրեն նախագահ Էրտողանն ու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութիւններու գործունէութիւնը: ՔԱԿ-ի դէմ ռազմական գործողութիւններու վերջին օրերու զարգացումներու լոյսին տակ թերթը դարձեալ կը մեղադրէր Էրտողանն ու կոչ կ՛ուղղէր, որ ամերիկեան վարչակազմը չարտօնէ, որ Թուրքիա պատրուակներ գտնէ քիւրտերու դէմ պատերազմելու համար:

Ահա թէ ի՛նչ կը գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»:

Քաղաքական գործիչներ յաճախ դժուարութիւններ ունեցած ատեն տարբեր «շրջադարձներ» կ՛ընեն: Օրինակ, հոլիվուտեան ժապաւէնի մը մէջ բեմադրիչը Ալպանիոյ դէմ կեղծ պատերազմ կը հռչակէ բոլորին ուշադրութիւնը նախագահի մասնակցութեամբ սեռային բնոյթով գայթակղութենէն շեղելու համար: Կասկածներ կան, որ Թուրքիոյ նախագահն ալ նմանօրինակ վտանգաւոր բեմադրութիւն մը կը զարգացնէ Թուրքիոյ մէջ:

Յօդուածին հեղինակները կը պնդեն, որ նախագահ Էրտողան իշխանութեան համար պայքար կը մղէ 7 յունիսի ընտրութիւններու մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ձախողութենէն ետք: 1 նոյեմբերի արտահերթ ընտրութիւններու սեմին, Թուրքիոյ նախագահի գլխաւորութեամբ սկսաւ ՔԱԿ-ի դէմ պատերազմ մը: Այդ կերպով Էրտողան կը փորձէ զօրացնել Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նկատմամբ աջակցութիւնը եւ փրկել «բռնատիրական» կառավարումը շարունակելու եւ աւելի լայն իրաւասութիւն ունենալու իր յաւակնութիւնները», կը գրուի յօդուածին մէջ:

Ըստ թերթին, ռազմական գործողութիւնները վերսկսելու պատրուակ հանդիսացաւ երկու թուրք զինուորներու սպանութիւնը, բայց եթէ նոյնիսկ անոնք սպաննուած են ՔԱԿ-ականներու կողմէ, ապա` «Էրտողան կրնար արձագանգելու այլ ուղիներ գտնել` փոխանակ ձեռնարկելու լայնածաւալ պատերազմի մը»:

Յօդուածի հեղինակներուն կարծիքով, ամբողջ տարածաշրջանի մէջ` Իրան, Իրաք, Սուրիա եւ Թուրքիա, քիւրտեր պիտի սկսին աւելի յամառօրէն պայքարիլ ինքնիշխան պետութիւն մը հիմնելու համար, բան մը, որուն կը սպասեն երկար տարիներէ ի վեր:

Հեղինակները կը յիշեցնեն, որ վերջերս Էրտողան համաձայնեցաւ Ինճիրլիքի ռազմական խարիսխը տրամադրել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի համար եւ միանալ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած համախոհութեան, սակայն կը նշեն, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններու համար գլխաւոր առաջնահերթութիւնը քիւրտերու դէմ պայքարն է: «Միացեալ Նահանգներ պէտք է գործածեն տարածաշրջանի մէջ իրենց ազդեցութիւնը` մարտական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ Էրտողանը զրկելու` ռազմական գործողութիւնը շարունակելու պատրուակէն», կը նշուի յօդուածին մէջ:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Աւետարանական Եկեղեցիները Կոտորածի Սպառնալիք Ստացած Են

Յաջորդը

Թուրք-Ամերիկեան Նոր Դիմակախաղը

RelatedPosts

Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.