Սենթ Լուիսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցող «Սինքուեֆիլտ Քափ»-ի ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքի 8-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ կը մրցէր ճերմակ քարերով, հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վիշվանաթան Անանտի հետ` 31-րդ շարժումին:
Արոնեան, որ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 5,5 կէտ, կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը:
Իր վերջին մրցումին, Արոնեան սեւ քարերով պիտի մրցի Վեսելին Թոփալովի դէմ, որ ունի 4 կէտ: