Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շահնուրի «Վերադարձը» Հայ Գրականութիւն

Օգոստոս 29, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

Արփիկ Միսաքեան Եւ Շահան Շահնուր

Քէրէսթէճեան ընտանիքը. Մայրը Թէոդիկի քոյրն էր. ձախին՝ պատանի Շահնուր Քերէսթէճեան
Քէրէսթէճեան ընտանիքը. Մայրը Թէոդիկի քոյրն էր. ձախին՝ պատանի Շահնուր Քերէսթէճեան

19 յունիս 2015-ին, 89 տարեկանին, իր աչքերը յաւիտենապէս փակեց Փարիզի մէջ հրատարակուող «Յառաջ» թերթի բազմավաստակ խմբագիր, եզակի մտաւորական Արփիկ Միսաքեան, որ ազգային հասարակական գործիչ, մեծանուն մտաւորական եւ «Յառաջ»-ի հիմնադիր Շաւարշ Միսաքեանի դուստրն էր: Արփիկ «Յառաջ»-ի խմբագրութիւնը վարեց հօր անակնկալ մահէն ետք, մինչեւ վերջին թիւին հրատարակութիւնը` 2009-ի սկզբնաւորութեան:

Արփիկ Միսաքեանի հետ իմ ծանօթութիւնս սկսաւ 1985-ի օգոստոսին, երբ իր մտերիմներէն հօրեղբօրս` Զուլալին հետ մտայ խմբագրատուն: Իբրեւ մտաւորականներ եւ «Յառաջ»-ի գործակիցներ, Զուլալն ու Արփիկը յաճախ եղած են տարակարծիք կամ հակառակը` ունեցած սիրալիր յարաբերութիւններ: Այդ օրերուն այդ վերջինն էր, որ կը գերազանցէր, քանի որ Արփիկի ընդունելութիւնը այնքան ջերմ էր եւ սիրալիր, որ ինծի համար հակասական պատկեր մը ստեղծեց: Իր կարծր եւ զօրաւոր անհատականութեան դիմաց դժուար էր կապ մը ստեղծել իր ընդունելութեան եւ առհասարակ իր մասին լսածներուս միջեւ: Նոյնիսկ իր ձայնին թաւութիւնը յաճախ մարդիկը ստիպած էր, որ` «պարոն Արփիկին հետ կ՛ուզեմ խօսիլ» ըսելն, երբ ինք վերցուցած էր ընկալուչը: Ուրախ էր, որ տասնութ տարեկան երիտասարդ մը հայագիտութեամբ կը զբաղէր եւ իր հօրեղբօր նման բանաստեղծութիւններ կը փորձէր գրել: Բայց մանաւանդ ապշած էր, երբ այդ օր ինծի «Յառաջ»-ի մատենաշարանէն լոյս տեսած Շահնուրի գիրքերը նուիրելէ ետք, ականատես դարձաւ այնպիսի ուրախութեան մը, որ անբացատրելի էր: Հոս է, որ մեր խօսակցութեան առանցքը դարձաւ Շահնուրը, եւ ես հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցի այն պատմութիւնները, զորս այս գրութեամբ պիտի փորձեմ ներկայացնել:

Ահաւասիկ այս յօդուածով պիտի չխօսիմ մեր բարեկամութեան մասին, որ ե-նամակներով շարունակուեցաւ մինչեւ 2009, ըլլայ գրական յօդուածներուս հրատարակութեամբ «Յառաջ»-ի մէջ, կա՛մ այլ ձեւերով: Մանաւանդ չեմ մոռնար, երբ վերջին անգամ` 1997-ին, կնոջս հետ այցելեցի «Յառաջ»-ի խմբագրատուն զինք տեսնելու, անպայման ստիպեց, որ սպասեմ թերթի հրատարակութեան ամբողջանալուն, որպէսզի միասին ճաշի երթանք խմբագրատան կից գտնուող ճաշարաններէն մէկուն մէջ: Մեծ ուրախութեամբ ընդունեցինք առաջարկը, եւ մեզի ընկերացաւ նաեւ Արփիկ Թոթոյեանը, որուն հետ նոյնպէս 1985-էն ետք սկսած էր մտերմութիւն մը: Մեծ պատիւ էր այդ մէկը ինծի համար: Այս յօդուածիս բուն նպատակը անդրադառնալն է Արփիկ Միսաքեանի այն հրաշալի գործին, զոր տարաւ ան հայութեան գիրկը «վերադարձնելու» այն մեծ տաղանդը, որ կը կոչուի Շահան Շահնուր:

«Նահանջը առանց երգի» վէպը եւ յատկապէս «Ազատն Կոմիտաս» յօդուածը պատճառ դարձած էին, որ սփիւռքահայ եւ յատկապէս խորհրդային գրողներ, յօդուածներով եւ նամակներով յարձակին Շահնուրի «անբարոյական գրականութեան» վրայ, որ ինքնաբերաբար պատճառ դարձաւ, որ Շահնուր ամբողջութեամբ եւ հիմնովին իր կապերը խզէ հայ իրականութեան հետ եւ իր գրական վաստակը շարունակէ ֆրանսական գրականութեան մէջ, Արմէն Լիւպէն ծածկանունով` տիրանալով գրական մրցանակներու: Երկար տարիներու այդ ոխն ու քինախնդրութիւնը վերջ գտաւ շնորհիւ Արփիկ Միսաքեանի յամառ հետեւողականութեան եւ նուիրաբերումին:

Նախ մտածած էի երկուքին միջեւ այդ հանդիպումներուն պատմականը ներկայացնել այս յօդուածով, սակայն յարմար նկատեցի հոս ներկայացնել այն վկայութիւնը, զոր գրած էր Արփիկ, ուր մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ այդ պատմական կարեւոր իրադարձութիւնները:

Մէկ բան յստակ է սակայն. Արփիկ Միսաքեանի մահով, հայկական սփիւռքը կորսնցուց մեծ մտաւորական մը, որ իր գոյութեամբ կը կապէր անցեալը ներկային հետ:

 

Որպէս Վկայութիւն

ԱՐՓԻԿ ՄԻՍԱՔԵԱՆ

Արփիկ Միսաքեան եւ Շահան Շահնուր
Արփիկ Միսաքեան եւ Շահան Շահնուր

Տասնեւութ տարիներ կը բաժնեն նախորդ եւ յաջորդ գրութիւնը: 1939-էն 1957,  Շահնուր դադրած է գրելէ: Աւելի ճիշդ` Շահնուր իր գրիչը ձգած է Արմէն Լիւպէնի, լռած է հայ գրագէտը, բայց ոչ ֆրանսագիր բանաստեղծն ու արձակագիրը: Ի՞նչ է պատճառը: Անկասկա՛ծ խոր դառնութիւն մը, որուն դրդապատճառներուն մասին չէր սիրեր խօսիլ:

Այդ ժամանակաշրջանին Շահնուր խզած էր իր կապը հայկական շրջանակներուն հետ` պահպանելով միայն հին եւ մտերիմ կարգ մը բարեկամութիւններ: Պատերազմի շրջանին եւ անմիջական վաղորդայնին, այն քանի մը այցելութիւնները, զորս վայելած է, կը վերաբերին  առաւելաբար ֆրանսացիներուն, ինչպէս` Անրի Թոմա, Մատլէն եւ Ժան Ֆոլէն:

«Յառաջ» արձագանգած է ֆրանսագիր իր գործերուն, չափածոյ թէ արձակ, սակայն առանց ուղղակի կապ ունենալու իրեն հետ: Այդ կապը պիտի ստեղծուէր միայն 1955 սեպտեմբերին եւ տեւէր շուրջ քսան տարի: Այսինքն` մինչեւ Շահնուրի մահը:

1955 յունիսին է, որ Արմէն Լիւպէնի «Transfert Nocturne»-ը կ՛արժանանար գրական Rivarol մրցանակին: Խանդավառութեամբ կ՛անդրադառնայի հատորին («Յառաջ», յունիս 26) եւ մէջս բուռն փափաքը կը ծնէր ճանչնալու հեղինակը: Այդ շրջանին, ֆրանսական գրականութեան ու բանաստեղծութեան երկրպագու, ծանօթ չէի Շահնուրի հայերէն գործերուն: Մայրս ձեռքս կու տար «Նահանջը առանց երգի»-ն, պնդելով, որ կարդամ: Կը վարանէի, երիտասարդ «ֆրանսահայու» իմ տրամաբանութիւնս խորհիլ կու տար, որ չէի կրնար սիրել գործ մը, զոր մայրս սիրած էր: Բարեբախտաբար յամառեցաւ, ու տեղի տուի: Յայտնութիւն մըն էր ինծի համար: Սփիւռքահայու ապրումներս կը գտնէի հո՛ն, վէպի մը մէջ, որ գրուած էր երեսուն տարի առաջ: Իրապաշտութիւնը, համարձակութիւնները, այլ մանաւա՛նդ հիւմըրը այնքան կ՛ոգեւորէին զիս, որ կ՛ուզէի անպայման ճանչնալ հեղինակը: Մայրս չէր քաջալերեր այդ փափաքս: Կ՛առարկէր, որ կրնայ զիս լաւ չընդունիլ, քանի կապը խզած էր հօրս հետ նախապատերազմեան շրջանին: «Յառաջ»-էն անցած էր «Ապագայ», թէեւ «Նահանջ»-էն սկսելով փարիզեան իր առաջին բեմը եղած էր «Յառաջ»-ը: Կը մերժէի հրաժարիլ ծրագիրէս: Մայրս վերջին փորձ մը եւս կ՛ընէր` ըսելով. «Յուսախաբ կ՛ըլլաս, տգեղ է»: Այդ ալ դեր չխաղաց, ու սեպտեմբերեան օր մը ճամբայ ելլէի դէպի Պորտօ, ուրկէ` Փեսաք մերձակայ փոքր արուարձան մը, որմէ մէկ քիլոմեթր հեռաւորութիւն մը ունէր «Օ-Լեւէքի» առողջարանը:

Առաջին այս կարճ հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ հանրակառքի Փեսաքի կայքին գտնուող սրճարանի մը մէջ, յաջող չընթացաւ:

Ակամայ, սխալ մը գործած էի: Ինծի կ՛ընկերանար իր մէկ հին ծանօթը` Աստղիկ Առաքելեան: Խորհած էի, որ այդ ներկայութիւնը կը դիւրացնէր մեր առաջին շփումը, սակայն ճիշդ հակառակը պատահեցաւ: Հետագային պիտի բացատրէր ինծի, թէ ան` Աստղիկը, կը խորհրդանշէր Փարիզի իր հայկական անցեալը, եւ այդ օրերուն չէր ուզեր այդ անցեալին յիշատակումը: Տարիներ ետք, անշուշտ, ամէն ինչ պիտի փոխուէր:

Բանաստեղծ Յարութիւն Կոստանդեանի հետ
Բանաստեղծ Յարութիւն Կոստանդեանի հետ

Այս առաջին հանդիպումին կարելի չեղաւ մթնոլորտը ջերմացնել: Շահնուր մնաց վերապահ, պաղ, չոր: Նախքան գալս, երբ ժամադրուելու համար գրած էի իրեն, պատասխանած էր. «Je ne comprends pas pourquoi vous voulez venir me voir» («Չեմ հասկնար, թէ ինչո՛ւ կ՛ուզէք գալ եւ զիս տեսնել»,- Ա.Գ.):

Բաժնուած էինք փոխադարձ յուսախաբութեամբ ու Աստղիկին հետ շարունակած մեր ճամբան հարաւ-արեւմտեան մէկ քաղաք, քանի մը օր արձակուրդ անցընելու համար:

Յուսախաբ էի, բայց ոչ յուսալքուած ու միտքս դրած` կրկնել այցելութիւնս վերադարձի օրերուն: Գրած էի իրեն ու հրահանգի պէս պատասխանած էր` «venez seul» («Առանձին եկէ՛ք»- Ա.Գ.):

Ու գացի առանձին: «Փեսաքիմեկ» պանդոկը մնացի երեք օր ու այդ օրերուն է, որ ծնունդ առաւ մեր բարեկամութիւնը, որ պիտի տեւէր քսան տարի ու պատճառ դառնար հայ գրականութիւն իր «վերադարձին»: Այդ վերադարձի պարագաներն են, զորս ուզեցի արձանագրել հոս որպէս վկայութիւն մը, քանի որ ցարդ չեմ արտայայտուած այդ մասին:

1955-ի աշնան այդ օրերէն, նամակագրութեամբ եւ փոխադարձ այցելութիւններով մեր բարեկամութիւնը ամրապնդուեցաւ: Ես յաճախ «Փեսաք» գացի, ինք երկու անգամ Փարիզ եկաւ: Մէկը` 1956-ի աշնան:

Տպաւորիչ էր տեսարանը, որ պարզուեցաւ «Յառաջ»-ի խմբագրատունը, այն ատեն` 32, ռիւ տը Թրեւիզ: Շահնուր ներս մտաւ, կեցաւ Շաւարշի գրասեղանին առջեւ: Ան գլուխը վերցուց, զգացի, որ երկուքն ալ երեսուն տարի ետ գացին, զիրար գտան ռիւ Լաֆայէթի խարխուլ խմբագրատունը, ուր Թէոդիկ յանկարծամահ եղած էր, եւ յանկարծ յուզումով ողջագուրուեցան:

Վերադարձին, հետեւեալ նամակը կը գրէր Շաւարշին.

 

19 հոկտեմբեր, 1956

Սիրելի՛ Շաւարշ,

Արփիկդ պարզապէս կանխեց զիս: Քանի կը ճանչնանք մէկզմէկ եւ ծանօթ ենք մեր փոխադարձ զգացումներուն, կասկած չկայ, թէ ջերմապէս պիտի փափաքէինք զիրար տեսնել: Եւ ո՛չ թէ միայն հինգ վայրկեան:

Ալեւոր, բայց միշտ առոյգ թերթդ սովորութիւնն ունի ծանուցանելու: «Խմբագրատանս մէջ այցելութիւնն ընդունեցինք պրն. Այսինչին, որ…»: Այս ծանուցումները աղուոր եւ յուզիչ կողմ մը ունին, ինչպէս գիտես, քանի որ ըսել կ՛ուզեն, թէ բաժան-բաժան հայութեան մէկ անդամը Փարիզ եկած` մեր ազգային բեմէն (իմա՛ «Յառաջ»-էն) իր սիրալիր ողջոյնը կ՛ուղղէ բոլորին: Թոյլատրէ, որ ըսեմ, թէ այդ չէ իմ պարագաս: Բնաւ չեմ մոռցած, թէ փարիզահայութիւնը ի՛նչ կերպ վարուեցաւ ինծի հանդէպ հիւանդութենէս առաջ եւ վերջը: Պիտի մոռնայի, եթէ աղէտը անցած-գացած բան ըլլար: Դժբախտաբար այդ չէ պարագան:

Ուստի, կը խնդրեմ, որ մեր յարաբերութիւնները ըլլան անձնական: Եւ աւելի եւս ջերմանան:

Քոյդ սիրով`
ՇԱՀՆՈՒՐ

 

Հազիւ քանի մը ամիս ետք, 1957 յունուար 26-ին, Շաւարշ յանկարծամահ կ՛ըլլար` զոհ ուղեղային արիւնահեղութեան:

Շաբաթներ ետք Շահնուրէն կը ստանայի դպրոցական տետրակ մը, ուր կար պատմուածք մը` «Սիրտ սրտի»: Ցոյց կու տայի Շաւարշ Նարդունիին, որ հօրս մահէն ետք գլխաւոր յենարանս էր` վարելու համար «Յառաջ»-ի խմբագրութիւնը: Կը խանդավառուէր ու կ՛ըսէր. «Տպէ՛, հրաշալի է, վերադարձն է Շահնուրի»:

Համոզուած էի, բայց չէի ուզեր նման քայլ մը առնել առանց իր հաւանութեան: Անմիջապէս գրեցի իրեն: Համաձայնեցաւ, բայց մէկ պայման դրաւ: Անիկա պէտք էր լոյս տեսնէր սապէս` «Սիրտ սրտի` նամակով մը Արփիկ Միսաքեանին», որպէսզի, կը ճշդէր` չկարծուի, վերադարձ մըն է հայ գրականութեան:

Ահա թէ ի՛նչ կը գրէր (ընդգծումները` ի՛ր կողմէ).

«Je ne désire pas que mon Սիրտ-սրտի passe dans «Յառաջ». Mes raisons te sont connues. En tant qu’homme, je ne puis pardonner à ces messieurs, l’attitude qu’ils adoptèrent ma tragédie. En tant qu’écrivain, je ne puis fraterniser avec des mau-mau. Une telle cohabitation m’est descendre dans l’arène. Reste ma grande Արփիկ – qui veut me faire descendre dans l’arène, MAIS PAS  SEUL. Expose-toi en même temps que moi, en publiant une note semblable. (pour faire savoir que je m’adresse à toi, uniquement, qu’il ne s’agit pas d’une collaboration, mais d’une letter personnelle)»:

(Ես չեմ ուզեր, որ իմ «Սիրտ-սրտի» գործը հրատարակուի «Յառաջ»-ի մէջ:  Պատճառները քեզի յայտնի են: Որպէս մարդ, ես չեմ կրնար ներել այն վերաբերմունքը, որով մարդիկ ընդունած են իմ ողբերգութիւնը: Որպէս գրող, ես չեմ կրնար եղբայրանալ իրենց հետ:

Այսպիսի կենակցութիւն պէտք է ինծի ասպարէզ իջնելու համար: Հանգստացիր իմ մեծն Արփիկ- որ կ՛ուզէ, որ ես ասպարէզ իջնեմ, ԲԱՅՑ ՈՉ ՄԻՆԱԿ:  Բացայայտէ դուն քեզի ալ ինծի հետ (գիտեմ, հետդ կը խօսիմ միայն, ոչ թէ իբրեւ համագործակցութիւն, այլ իբրեւ անհատական նամակ: Ա.Գ.):

Նամակ Մը Շահնուրէն

 

Հօրս մահուան վաղորդայնին, Շահան Շահնուրէն կը ստանայի ցաւակցական նամակ մը, որուն կցուած էր ազատաշունչ պատմուածք մը: Բարեկամս ընտրած էր արտայայտութեան այն անուղղակի եղանակը, որով մենք մեր միտքը կը յայտնենք շնորհիւ իմաստալից պատմութեան մը, որ նիւթէն դուրս է երեւութապէս: Շահնուրին վերոյիշեալ պատմութիւնը, որ հայկական մօտաւոր անցեալէն քաղուած է, եւ որ մեր ողբերգութիւնը կը շօշափէ անձնական յուշերով, չի կրնար չհետաքրքրել «Յառաջ»-ի ընթերցողները: Ուստի, զայն հրատարակութեան կու տամ վաղուընէ սկսեալ, ստանալէ ետք բարեկամիս հաւանութիւնը:

 

Արփիկ Միսաքեան

Cela te semble-t-il inacceptable? Alors, ne publie rien et donne- moi tes raisons. Dans le cas contraire, il faut donner tout le cahier, avec la letter du début, evidemment, celle-ci doit être composé en italiques.

(Le 12 Avril, 1957)

Շահան Շահնուր եւ Արփիկ Միսաքեան «Յառաջ»-ի խմբագրատան մէջ, 1971
Շահան Շահնուր եւ Արփիկ Միսաքեան «Յառաջ»-ի խմբագրատան մէջ, 1971

(Այս մէկը ընդհանրապէս քեզի համար ընդունելի չէ՞: Ուրեմն բան մը մի՛ հրատարակեր եւ ինծի պատճառներդ տուր: Այլապէս բոլոր մանրամասնութիւնները պէտք է տանք, յառաջաբանի նման նամակով մը, որ պէտք է շեղագիր ըլլայ:- Ա.Գ.)

Այդպէս ալ եղաւ: Իր առաջարկած «Նամակ մը Շահնուրէն» պարբերութիւնը հրատարակուեցաւ թերթին կողմէ, փոխանակ` Արփիկ Միսաքեանի, 1957, մայիս 26-ին, առաջին էջը, մինչ նոյն օրը կը սկսէր հրատարակութիւնը «Սիրտ սրտի» պատմուածքին, իր դրած պայմանով` նամակով մը Արփիկ Միսաքեանին:

Տարի մը ետք, Շահնուր միտքը պիտի փոխէր եւ այդ կտորը կցէր այլ հին գրութիւններու, զորս Գրիգոր Քէօսէեան լոյս կ՛ընծայէր հատորով մը` «Թերթիս կիրակնօրեայ թիւը» (Պէյրութ, 1958): Հոն սակայն, անհետացած էր Արփիկ Միսաքեանին նամակը, խորագիրն ալ դարձած` «Սիրտ կայ, որ կը ճաճանչէ»: Շահնուր, ըստ իր սովորութեան, վերամշակած էր գրութիւնը, առանց հիմնական փոփոխութիւններու, կարգ մը սրբագրութիւններ կատարած ու փոքր յաւելումներ:

Բայց անհրաժեշտ նկատեցինք, որպէս «նիւթ պատմութեան համար», հրատարակել այդ գրութեան առաջին տարբերակը, քանի ան է, որ կը բնորոշէր վերադարձը տասնեւութ տարիներու բացակայութենէ ետք:

Այդ թուականէն սկսեալ եւ մինչեւ իր մահը պիտի չդադրէր «Յառաջ»-ին աշխատակցելէ, այսինքն հայերէն գրելէ, ինչ որ պատճառ պիտի ըլլար նոյնիսկ, որ դիտողութեան արժանանայ ֆրանսացի իր բարեկամներուն կողմէ:  Արդարեւ օր մը Մատլէն Ֆոլէն կը դիմէր ինծի փոխանցելու համար Անրի Թոմայի եւ Ժաք Պրէնների դժգոհութիւնը: Ձեռագիր ուզած էին Շահնուրէն, եւ ան պատասխանած էր, որ այլեւս միայն հայերէն կը գրէ, ինչ որ պատճառ եղած էր այդ բողոքին, միաժամանակ խնդրանք, որ միջամտեմ որպէսզի ֆրանսերէն ալ գրէ: Մերժած էի միջամտել` բացատրելով, թէ ֆրանսական գրականութեան համար Արմէն Լիւպէնը այնքան ալ անհրաժեշտ չէ, որքան Շահան Շահնուրը հայ գրականութեան համար: Վստահ չեմ, որ զիս լաւ հասկցան. ծանօթ չէին Շահնուրի գործերուն, թէեւ տարիներու երկայնքին, մանաւանդ Թոմա, խնդրած էր իրմէ թարգմանաբար ներկայացնել «Նահանջ»-ը եւ պատմուածքները: Մերժած էր` առարկելով, թէ չի կրնար հետաքրքրել ֆրանսացիները, «ընտանեկան» խնդիրներ են ըսելով: Երբ մեռաւ, պահանջը նորոգուեցաւ, այս անգամ ինծի: Թարգմանեցի «Պճեղ մը անոյշ սիրտ»-ը, զոր Անրի Թոմա հրատարակեց NRF-ի (Nouvelle Revue Francaise) մէջ, իր կողմէ կցելով յառաջաբան մը:

Մօտ քսան տարիներու երկայնքին, Շահնուր «Յառաջ»-ին տուաւ գրական հրաշալի էջեր, որոնք ամփոփուեցան, յաճախ խորագիր փոխելով եւ միշտ վերամշակուած, երկու հատորներու մէջ` «Բաց տոմարը» եւ «Կրակը կողքիս»: Ինչ որ գրեց վերջինէն ետք, (1973-էն 1974 յուլիս) կամ տեղ չգտաւ հոն, կը հրատարակուին այս հատորին մէջ: («Սիրտ սրտի», 1995- Ա.Գ.): Անտիպ ոչինչ ձգեց:

1974 օգոստոս 6-ին էր, որ կաթուածահար, կը փոխադրուէր Ֆրեժիւսի հիւանդանոցը: Քանի մը օր ետք, քովն էր: Տխուր էր, բայց` ուշիմ: Պահ մը, ջերմ փափաքն ունեցաւ ապրելու. «Ըսելիք ունիմ, գրելիք ունիմ»: Ու բացատրեց. «Մտքիս մէջ գրած եմ արդէն: Խորագիրն է «Բացիկներ», չորս հատ են:

Չգրեց:

Որոշ անհամբերութեամբ մահուան կը սպասէր: Երբ իրիկունը կը մեկնէի, հարց տուի իրեն. «Վաղը, ի՞նչ բերեմ քեզի»: Հրահանգի շեշտով ըսաւ. «Մա՛հ բեր», ու աւելցուց. «Ի՜նչ լաւ կ՛ըլլար զիս դագաղ դնէիր ու վաղը հետդ տանէիր»:

Յաջորդ օրը չէր, այլ քանի մը օր ետք զինք դագաղ պիտի դնէի ու հետս տանէի: Աւելի ճիշդ` բերէի Փարիզ ու թաղէի Շաւարշի դամբարանը:

Նախախնամութի՞ւն: Թերեւս: Անոր թերթին մէջ է, որ Շահնուր սկսած էր իր գրական ճամբան, անոր թերթին մէջ էր, որ վերջ գտած էր այդ ճամբան:

Կրկին ու այս անգամ վերջապէս զիրար կը գտնէին, փոսի մը մէջ, բայց` սիրտ սրտի:

 

 

Նախորդը

Սփիւռքին Վերաբերող

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահին Եւ Մարոնի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետին Ներկայացուցիչները

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?