Ըստ «Տէյլի Մէյլ»-ին, Պարսելոնա նոր պայմանագրութիւն մը պիտի առաջարկէ իր պրազիլցի յառաջապահին` Նէյմարին:
Քաթալոնական ակումբը պիտի փորձէ այդ պայմանագրութիւնը երկարաձգել նախքան այս տարեշրջանին աւարտը, որ նախատեսուած է մինչեւ 2021:
Այդ համաձայնագիրին մէջ նշուած պիտի ըլլայ անոր հրաժարագինը, որ պիտի կազմէ 250 միլիոն եւրօ:
Նէյմարի, որուն այժմու պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ 2018, նախկին հրաժարագինը կը կազմէր 190 միլիոն եւրօ:
Վերոնշեալ աղբիւրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Մեսսիի հրաժարագինը եւս նախատեսուած է 250 միլիոն եւրօ: