Մակեդոնիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Վարտար 6-0 արդիւնքով ջախջախեց Ցարեւ Տվորին:
TotalFootball.am կը յայտնէ, որ Վարտարի կազմէն իբրեւ հիմնական մարզիկներ դաշտ ներկայացան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեան եւ միջնապահ Արտակ Տաշեան:
45-րդ վայրկեանին Համբարձումեան նշանակեց կոլ մը, մինչ Տաշեան տուպլէ մը իրագործեց` 55-րդ եւ 62-րդ վայրկեաններուն: