
Արհեստավարժ կռփամարտիկ, երկրորդ միջին կարգի WBO-ի վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ մենամարտի հրաւիրեց աշխարհի նախկին ախոյեան, գերմանացի Ֆելիքս Շթուրմը, կը յայտնէ ArmSport.am:
Աբրահամ կ՛ուզէ, որ ամէն գնով այս մենամարտը տեղի ունենայ այս տարի, որովհետեւ եթէ անիկա այս տարի տեղի չ՛ունենայ, այլ առիթ մը չկայ անոր կայացման համար, որովհետեւ ինք այլ պարտաւորութիւններ եւ մենամարտեր ունի:
Անոր զուգահեռ WBO-ն յայտարարեց, որ եթէ Աբրահամ – Շթուրմ մենամարտը տեղի ունենայ, անիկա իբրեւ տիտղոս նկատի պիտի չառնուի` նկատի ունենալով, որ գերմանացին առաջին 15-ին մէջ չէ ընդհանուր դասաւորման մէջ:


