
«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան բազմաթիւ ճակատումներ:
Մրցումները պիտի ըլլան ճակատագրական` նկատի ունենալով, որ 22 խումբեր դուրս պիտի մնան մրցաշարքէն:
Պորուսիա Տորթմունտ, որ պիտի հիւրընկալէ Օտտ Պալքլուպը, իր ամէն կարելին պիտի ընէ յաղթանակ արձանագրելու եւ մրցաշարքը շարունակելու համար:
Նշենք, որ երթին տեղի ունեցած մրցումին, Տորթմունտ 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` շնորհիւ Հենրիխ Մխիթարեանի նշանակած 4-րդ կոլին:
Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: