«Կլոպօ Էսփորթ» կայքին համաձայն, Մանչեսթըր Եունայթըտ իր կազմին միացնելու համար Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարը, պատրաստ է վճարելու 190 միլիոն եւրօ:
Նախապէս կը հաղորդուէր, որ Նէյմար Մանչեսթըր Եունայթըտ տեղափոխուելու դէմ չէ, սակայն անոր այլ կազմի մը փոխանցումը կը թուի քիչ մը դժուար ըլլալ` նկատի ունենալով, որ մարզիկներու ամառնային փոխանցման դուռը գոցուելու սեմին է (մինչեւ օգոստոսի վերջը):
Եթէ պատահի, որ այս փոխանցումը տեղի ունենայ, անիկա ֆութպոլի պատմութեան մէջ պիտի դառնայ ամէնէն սուղ փոխանցումը:
Այժմ մրցանիշը կը պատկանի Կերըթ Պէյլի, որ 2013-ին Թոթենհամէն միացաւ Ռէալ Մատրիտի` փոխան 100 միլիոն եւրոյի: