Հոլանտայի ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. դասակարգի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ալմեր Սիթի իր դաշտէն դուրս 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Վալվիքէն:
Ալմեր Սիթիի միակ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Նորայր Արսլանեան, դաշտ մուտք գործելէ երկու վայրկեան ետք` 67-րդ վայրկեանին:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Ալմեր Սիթի 2 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 17-րդ դիրքը, իր լուրը կ՛եզրափակէ TotalFootball.am: