Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հռչակման 24-Ամեակին Նուիրուած Տօնական Հանդիսութիւններ

August 25, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Arthur_8-24-15

«Արցախփրես» կը հաղորդէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի նախագահութեամբ 24 օգոստոսին տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 24-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական նախաձեռնութիւններու կազմակերպման եւ համակարգման կառավարական յանձնախումբի հերթական նիստը:

Այս նախաձեռնութիւններուն հետ առնչութիւն ունեցող գերատեսչութիւններու պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ քննարկուած են տօնական ձեռնարկներու նախապատրաստութեան առնչուած հարցեր:

1-2 սեպտեմբերին տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններ պիտի կատարուին մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ շրջաններուն մէջ: Հանրապետութեան բոլոր կրթական հաստատութիւններուն մէջ նոր ուսումնական տարուան առաջին դասը պիտի տրուի խաղաղութեան նիւթով` դասընթացքին կազմակերպման մէջ ներգրաւելով պետական պաշտօնեաներ, արցախեան պատերազմի մասնակիցներ եւ պաշտպանութեան բանակի սպայական կազմի ներկայացուցիչներ: Ստեփանակերտի մէջ պիտի ներկայացուի Ճ. Վերտիի «Ռեքուիեմ»  ստեղծագործութիւնը:

2 սեպտեմբերին մայրաքաղաքի եւ շրջաններու փողոցներով պիտի անցնին զինուորական զօրասիւներ: Պիտի կազմակերպուին այցելութիւններ յուշահամալիր, պիտի կատարուի ծաղկեպսակի զետեղում, նաեւ այցելութիւն` զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակին նուիրուած յուշարձաններ:

Շուշիի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայաստանի ազգային ագրարային համալսարան»-ի  Ստեփանակերտի մասնաճիւղի նոր շէնքի բացման արարողութիւնը: Տօնական նախաձեռնութիւնները պիտի աւարտին 2  սեպտեմբերին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ` համերգով եւ հրավառութեամբ:

Նիստի աւարտին Արթուր Աղաբեկեան համապատասխան գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն տուած է յանձնարարականներ` ձեռնարկները պատշաճ մակարդակով կազմակերպելու վերաբերեալ:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Խախտած Է Զինադադարը Եւ Ունի Առնուազն 4 Մեռեալ Ու 15-Է Աւելի Վիրաւոր

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Բարձր Գնահատած Է Վենետիկի Յանձնաժողովին Օժանդակութիւնը

RelatedPosts

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի  Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար  Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»
Հայկական

Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»

September 26, 2026
Շարունակելու Ենք Հայ Դատի Մեր Ծաւալուն Գործունէութիւնը, Մինչեւ Մեր Ազգային Նպատակներու Լիակատար Իրագործումը
Գլխաւոր լուրեր

Շարունակելու Ենք Հայ Դատի Մեր Ծաւալուն Գործունէութիւնը, Մինչեւ Մեր Ազգային Նպատակներու Լիակատար Իրագործումը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.