Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերջնական Յաղթանակը

August 25, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

img013_8-25-15

Ուրբաթ, 6 օգոստոս 1965, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հսկայ մարդատար մը ճամբայ ելաւ դէպի Հալէպ` տանելով Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի եւ փինկ փոնկի խումբերը` իրենց համակիրներով: Շաբաթ առաւօտեան խումբերը Հալէպի մէջ դիմաւորուեցան զիրենք հիւրընկալողներուն` Հալէպի ՀՄԸՄ-ի վարչութեան կողմէ եւ տեղաւորուեցան պանդոկ:

Առաջին մրցողները կ՛ըլլան աղջիկներուն խումբերը: ՀՄԸՄ-ի խումբը պասքեթպոլի «հարլէմեան» ցուցադրութիւն մը կ՛ընէ` մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հանդիսականներուն մէջ:

Հաճելի է «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ կարդալ «50 տարի առաջ» սիւնակը ու վերապրիլ անցեալը: Շատ աւելի հաճելի է… նաեւ յուզիչ, կարդալ անձերու մասին, որոնց հետ այնքան մօտ ու հարազատ եղած եմ ժամանակին, եւ այսօր` 50 տարի ետք, աւելի մօտիկ, քան անցեալին:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը շատերս տարտղնեց, ու ցորենի հատիկներու նման ամէն մէկս նետեց աշխարհի չորս ծագերը, սակայն շնորհիւ արհեստագիտութեան բարիքներուն, վերամիացանք բոլորս: Աշխարհը «պզտիկցած» է կարծես:

Կը կարդամ 50 տարի առաջ պատահած դէպքերը, կը վերյիշեմ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն տարած նուաճումները ու այսօր` 50 տարի ետք, դարձեալ կապի մէջ եմ սիրելի ՀՄԸՄ-ական մարզիկներուն հետ, որոնք արձանագրեցին բազմաթիւ յաղթանակներ, կրեցին նաեւ պարտութիւններ, սակայն չշլացան իրենց յաղթանակով, իսկ կարեւորագոյնը` պահեցին իրենց մարզիկի ոգին նոյնիսկ պարտութեան ատեն: Միշտ մնացին տիպար ՀՄԸՄ-ականներ:

«Բարձրացի՛ր… Բարձրացո՛ւր»:
Բարձրացան ու բարձրացուցին:

«Մարի, Յասմիկ, Սելլա, Սրբուկ, Ֆլորա, Հուրիկ թոյլ չեն տար, որ հակառակորդները առիթ ունենան աչք բանալու, անվերջ կը հարուածեն Սըրքլի կողովը եւ խաղը կը վերջացնեն 74-18 արդիւնքով»:

Այսօր վերը յիշուած մարզիկներէն ո՛չ մէկը կը գտնուի Լիբանան:

Նշան Փալանճեան Ճեմարանէն հազիւ շրջանաւարտ եղած` Հուրիկ Թուխանեան հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ (Տիթրոյիտ): Ստացած է բարձրագոյն ուսում եւ ընտանիք կազմած Պապ Ճէյքապսի հետ: Ունին 4 զաւակ եւ 7 թոռ: Հակառակ իր օտար ամուսնութեան, 4 զաւակներն ալ ուղարկած է հայկական վարժարան: Հուրիկ ազատ ժամերը կ’անցընէ որպէս կամաւոր Տիթրոյիտի կիրակնօրեայ եւ շաբաթօրեայ հայկական վարժարաններուն մէջ: Ան իսկական հայ մըն է: Շատ լաւ հայ մը: Մեծ հետաքրքրութիւն ունի հայ գրականութեան ու հայոց պատմութեան նկատմամբ: Քանի մը տարի առաջ դստեր ու փեսային հետ այցելեցին Արեւմտեան Հայաստան: Վերադարձին` ան պատկերազարդ գրութիւններով մեզ` դասընկերներս բաժնեկից դարձուց եւ ծանօթացուց այդ շրջաններուն, յատուկ բաժին մը յատկացնելով Վանի` տրուած ըլլալով, որ վանեցի ծնողքէ սերած է:

Անցեալ ամառ բախտը ունեցայ Տիթրոյիտի մէջ հանդիպելու Հուրիկին եւ ծանօթանալու իր ամուսինին Պապին: Հուրիկը չէի տեսած 1965-էն ի վեր:

«Մասնաւորաբար աչքի զարկաւ Յասմիկ Սաաթճեան, որ թէ՛ պաշտպանողական, եւ թէ՛ յարձակողականի մէջ անզսպելի էր»:

Յասմիկ Սաաթճեան: Հաստատուած է Նիւ Ճըրզի, Միացեալ Նահանգներ: Ընտանիք կազմած է Սերոբ Պասրալեանին հետ: Յասմիկին հօր` ՀՄԸՄ-ական նշանաւոր ֆութպոլիստ «Սաաթճի»-ին մասին մեզմէ տարեցներէն լսած ենք, թէ ֆութպոլի դաշտերուն վրայ, ՀՄԸՄ-ի դեղին շապիկը հագած, հմայած է մեծ թիւով ֆութպոլի սիրահարներ, իսկ տարիներ ետք – Յասմիկ նոյնպէս հագած է ՀՄԸՄ-ի թիւ 10 շապիկը եւ իր սքանչելի խաղարկութեամբ երկար տարիներ հմայած է ո՛չ միայն ՀՄԸՄ-ի համակիրները, նաեւ մաս կազմած է Լիբանանի հաւաքական խումբին եւ Լիբանանի անունը բարձր պահած է մինչեւ իսկ եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ:

Յասմիկին եւ Սերոբին հետ տեսնուելու առիթ ունեցայ ամիս մը առաջ, Պէյրութի մէջ:

«Սելլան, Հուրիկը եւ Ֆլորան, իրենց ճարպիկութեամբ եւ արագութեամբ միշտ նոր անակնկալներ եւ առիթներ ստեղծեցին կէտ նշանակելու համար»:

Թնճուկեան մարզադաշտ
Թնճուկեան մարզադաշտ

Սելլա Քահվէճեան: Երկար տարիներ եղած է ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի աղջկանց խումբի սիւներէն մէկը: Նաեւ մասնակցած է Լիբանանի ազգային խումբին եւ իր հիանալի խաղարկութեամբ հմայած է հայ թէ օտար մարզասէրները: Ընտանիք կազմած է ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբի լաւագոյն մարզիկներէն Ատոմ Թնճուկեանին հետ: ՀՄԸՄ-ական տիպար ընտանիք մը: Հաստատուած են Անգլիա, սակայն ինչպէս կ’ըսեն` «Մէկ ոտքերնին Լիբանան է»: Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան ամոլը երբե՛ք չմոռցաւ հայկական ոեւէ ուսումնական, մշակութային, մարզական թէ հոգեւորական հաստատութիւն: Իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը կը շարունակեն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին, Համազգայինին եւ ՀՄԸՄ-ին: Բարերարներն են Աղբալեան ՀՄԸՄ մարզամշակութային կեդրոնի մարզադաշտին, որ իրենց անունով կը կոչուի «Թնճուկեան մարզադաշտ»:

Ատոմին եւ Սելլային հանդիպեցայ ամիս մը առաջ Պէյրութի մէջ` ուրախ առիթով մը, իրենց զաւակին Յովանին եւ կնոջս քրոջ աղջկան` Նանարին ամուսնութեան առիթով:

«Սրբուկը առանձին հմայեց բոլոր մարզասէրները»:

Massis-Center_8-25-15

«Մասիս» մասնաճիւղի «Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան մարզադաշտ»
«Մասիս» մասնաճիւղի «Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան մարզադաշտ»

Սրբուկ Օհանեան` ճեմարանական դասընկերուհիս, երկար տարիներ եղած է ո՛չ միայն ՀՄԸՄ-ի, այլ նաեւ ամբողջ Լիբանանի, եւ չափազանցած չեմ ըլլար եթէ ըսեմ` Միջին Արեւելքի պասքեթպոլի լաւագոյն իգական խաղացողներէն մէկը: Նոյնիսկ օտարներուն քով ծանօթ էր որպէս «Թիւ 7 շապիկը հագուող մարզիկը»:

ՀՄԸՄ-ական Ժիրայր Սարգիսեանին հետ կազմած է ՀՄԸՄ-ական տիպար ընտանիք մը: Հաստատուած են Միացեալ Նահանգներ (Սան Ֆրանսիսքօ): Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան ամոլը շատ յաճախ իր նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ օգտակար կը հանդիսանայ ՀՄԸՄ-ին եւ մայր հայրենիքի հայութեան: Յուլիս 4-ի (Ամերիկայի անկախութեան տօն) սկսող ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան խաղերու փառատօնին այս տարուան տիպար ՀՄԸՄ-ականը ընտրուած է Ժիրայր Սարգիսեան: Ժիրայր ո՛չ միայն տիպար ՀՄԸՄ-ական մըն է, նաեւ տիպար հայ մը, հայ ընտանիքի տիպար հայր մը: Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեանի իշխանական նուիրատուութեամբ է, որ Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղի երկար տարիներու երազը իրականացաւ: «Մասիս» մասնաճիւղը ունեցաւ իր անձնական մարզադաշտը, որ կոչուեցաւ «Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան մարզադաշտ»:

Ֆլորա Գուտուլեան ճեմարան եկաւ Հռիփսիմեանց վարժարանէն եւ կարճ ժամանակ ետք դարձաւ ճեմարանի աղջկանց պասքեթպոլի խումբի լաւագոյն խաղացողներէն մէկը: Միացաւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին ու մաս կազմեց ՀՄԸՄ-ի եւ Լիբանանի հաւաքական խումբին: Հուրիկին, Սրբուկին, Սելլային եւ Յասմիկին հետ յաղթանակներ արձանագրեցին Ռումանիոյ, Հունգարիոյ եւ Պուլկարիոյ մէջ: Ընտանիք կազմեց ՀՄԸՄ-ական յայտնի մարզիկ Հրայր Թապագեանին հետ: ՀՄԸՄ-ական երջանիկ ընտանիք մը, որ դժբախտաբար շատ կարճ տեւեց: Լիբանանի աննպատակ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին Անթիլիասի «Մէլքի Սուփըրմարքէթ»-ին մէջ տեղի ունեցած պայթումի մը զոհ գնաց սիրելի Ֆլորան` սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը:

Խունկ ու մոմ իր անմար յիշատակին:

Պարտք կը զգամ յիշելու ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի աղջկանց խումբի մարզիչ Ժաք Պոյաճեանը եւս,  որուն անխոնջ եւ տքնաջան աշխատանքով եւ վերը յիշուած անուններուն շնորհիւ ՀՄԸՄ արձանագրեց բազմաթիւ յաղթանակներ, կրեց նաեւ պարտութիւններ: Ուրախացան ու տրտմեցան, սակայն մնացին միշտ տիպար ՀՄԸՄ-ականներ: Դաշտերուն վրայ տարուած յաղթանակներն ու պարտութիւնները ժամանակաւոր են: Հրճուանքն ու տրտմութիւնները քանի մը օր ետք արդէն մոռցուած են: Կարեւորը վերջնական յաղթանակն է:

Երկար տարիներ ետք յիշած անուններս մարզական գործունէութենէ դադրած են, սակայն մինչեւ օրս, մնացած են ու կը մնան տիպար ՀՄԸՄ-ականներ: Նախկին մարզիկները իրենց իշխանական նուիրատուութեամբ կը կառուցեն մարզադաշտեր, որպէսզի մեր նոր սերունդի ՀՄԸՄ-ականները ունենան իրենց անձնական մարզադաշտը եւ հպարտօրէն ապահովեն նոր յաղթանակներ:

Ա՛յս է իսկական յաղթանակը:

Կարեւորագոյն յաղթանակը` ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ:

 

Լոս Անճելըս 2015

 

 

 

Նախորդը

Սփիւռքեան Օրատետրս

Յաջորդը

Մուշի Իսլամացած Հայերը

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.