Չորրորդ օրն ըլլալով երէկ շարունակուեցաւ Ահմետ Ասիրի հարցաքննութիւնը: Ըստ իրազեկ աղբիւրներու, հարցաքննութիւնը կրնայ փակուիլ այս հանգրուանին: Մինչ այդ, ապահովական կառոյցները շարունակեցին իրենց հետապնդումները եւ նոր ձերբակալութիւններ կատարեցին` հիմնուելով Ասիրի փոխանցած տեղեկութիւններուն վրայ: Այս ծիրին մէջ, Սայտայի Ուասթանի շրջանին մէջ երէկ ձերբակալուեցաւ Խ. Ա. սկզբնատառերով Ասիրի մէկ համակիրը:
Իսկ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի ապարանքի մատակարարումի տնօրէնը` Մոհամետ Ալի Շերիֆ, երէկ որոշ ժամանակով ձերբակալուեցաւ եւ յետ հարցաքննութեան ազատ արձակուեցաւ:
Միւս կողմէ, Ասիրի ձերբակալման գծով շնորհաւորական եւ դրուատող կեցուածքները շարունակուեցան երէկ լիբանանեան քաղաքական զանազան ուժերու կողմէ, որոնք բարձր գնահատեցին Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան այս իրագործումը:
Նոյն ծիրին մէջ, Ապրայի դէպքերուն գծով ձերբակալեալ Ասիրի համակիրներուն դատավարութիւնը յետաձգուեցաւ 15 սեպտեմբերին, երբ նոյնինքն Ահմետ Ասիր պիտի ներկայանայ դատական ատեան:
Ասիրի դատավարութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ պիտի վճռուի անոնց ճակատագիրը:
Այլ գետնի վրայ, 2013-ին Սայտայի Ապրա շրջանին մէջ պատահած բախումներու զոհ բանակայիններու ծնողները մամլոյ ասուլիս մը պիտի տան վաղը` իրենց կեցուածքը ճշդելու ահաբեկիչ Ահմետ Ասիրի ձերբակալման գծով: