Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի հետ քննեց երկրին ընդհանուր իրավիճակը, յատկապէս ապահովական ու քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ:
Նախքան այդ, վարչապետ Սալամ ընդունեց Ֆինլանտայի եւ Էսթոնիոյ վարչապետները, որոնց հետ քննեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մէջ այդ երկիրներու ջոկատներուն իրավիճակը: