Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ ընդունած է Ռուսիայէն եկած խումբ մը գործարարներ:
Կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով` զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի մէջ քանի մը մեծ ծրագիրներու մէջ ներդրումներու կարելիութիւնը:
Վարչապետը կառավարութեան անունով հիւրերուն պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու տարբեր մարզերու մէջ անոնց հաւանական ներդրումային ծրագիրներու իրականացման: