Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աստուածամօր Վերափոխման Տօնին Առիթով…

Օգոստոս 15, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Grape-blessing1_8-15-15

ԹԱԹՈՒԼ ԱԲՂՅ. ԳԱՐՏԱՆԱՔԵԱՆ

Օգոստոս է: Տարուան ամէնէն արգասաւոր ամիսը, ուր յղացած հողը արեւու ճառագայթներուն հսկողութեամբ ու Աստուածամօր զեղուն օրհնութեամբ իր բերքը կը ծննդաբերէ:

Կրօնական առումով, Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին այս ամսուան գրեթէ կիսուն կը նշէ հինգ տաղաւար տօներէն չորրորդը` Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածնայ, զոր կը կատարէ իւրայատուկ ոճով, մեծարանքով ու հարուստ ծիսակատարութեամբ: Սա սքանչելախորհուրդ տօնին աւանդութիւնը մեզի հասած է առաքելական ժամանակներէն:

Աստուածամայրը վաղուց ճանչցուած է որպէս եկեղեցւոյ մայր: Սակայն, հայ ժողովուրդին համար Աստուածածինը աւելի սերտ ու հարազատ կերպար ստացած է: Դարեր շարունակ Աստուածամայրը եղած է մայրութեան անգերազանցելի տիպարը բոլոր մայրերուն, եւ մանաւանդ` հայ մօր:

Մայրը այն սուրբ ու նուիրական արարածն է, զոր Աստուած իր փոխանորդը նշանակեց ընկերութեան մէջ: Անփոխարինելի ու էական է մօր ներկայութիւնը մարդկային կեանքին մէջ: Եթէ մեղաւոր ու տկար արարածը սուրբ ու նուիրական կը նկատենք, հապա որքա՜ն աւելի սո՛ւրբ, մաքո՛ւր ու անարա՛տ է բոլոր մայրերուն մայրը` Աստուածամայրը: Այսօր, Քրիստոսի մայրը իր սրբակենցաղ ու մաքրամաքուր կեանքի օրինակով կոչ կ’ուղղէ բոլորիս, բայց, յատկապէս հայ մայրերուն, որ իր կեանքի օրինակին հետեւին:

Բարոյասնանկ այս դարուն հայ մօր պարտականութիւնը աւելի ծանր է: Հայ մօր պարտաւորութիւնն է այս բարոյաթափ փոթորիկներուն դիմաց ներհայեցողական զննումի ենթարկել իր կոչումը: Որովհետեւ, երբ հայ մայրեր գտնեն կամ վերագտնեն իրենց ամենախորունկ կոչումը, այն ատեն խաղաղ կ՛ըլլան հայ ընտանիքը, ընկերութիւնն ու եկեղեցին: Հարկ է, որ նմանութիւն մը կերտուի Աստուածամօր եւ իւրաքանչիւր հայ մօր միջեւ: Մայրեր պէտք է որ ընդօրինակեն Աստուածամօր բոլոր առաքինութիւնները եւ այդպիսով դաստիարակութիւն ջամբեն իրենց զաւակներուն` առողջ ընկերութեան հեռանկարը ունենալով իրենց մտապաստառին վրայ:

Grape-blessing2_8-15-15Աստուածածնայ այս տօնը հրաւէր մըն է բոլոր մայրերուն, որ հետեւին Սուրբ Մարիամին ու յանձնուին անոր գուրգուրալից հոգածութեան: Այնպէս, ինչպէս Սրբուհին առանց վարանելու, խոր գիտակցութեամբ ընդառաջեց աստուածային ծրագիրին, նոյնպէս ալ հայ մայրեր պարտին ընդառաջել Աստուածամօր քաղցր հրաւէրին, կոչումի զարթօնք մը ապրին եւ իրենց սրբակենցաղ ու աստուածահաճոյ օրինակով Աստուածամօր պատկերը ցոլացնեն ընկերութեան մէջ:

Մարիամ այնքան սիրեց մարդկութիւնը, որ սիրայօժար կերպով խաչին յանձնեց իր Միածինը եւ իր երկինք վերափոխուելէն ետք դարձաւ գերագոյն բարեխօսը համայն մարդկութեան: Աստուածային փրկագործական ծրագիրին մէջ Աստուածամօր դերը եզակի է եւ կարելի չէ լուսանցքայնացնել այն անվիճելի ճշմարտութիւնը, թէ իր միջոցաւ էր, որ փրկութիւնը, այլ խօսքով` Փրկիչը աշխարհ եկաւ: Փրկութիւնը Փրկիչէն տարբեր բան մը չէ. փրկութիւնը նոյնինքն Փրկիչն է: Հետեւաբար, երբ կը խօսինք փրկութիւնը ժառանգելու մասին` խորքին մէջ, Փրկիչը ժառանգելու եւ անոր կողմէ ժառանգուելու մասին է, որ կը խօսինք:

Աստուածամայրը գերազանց տիպարն է հեզութեան, խոնարհութեան ու համեստութեան: Հայ մայրը պէտք է Աստուածամօր շնորհները զգենու եւ այդպիսով ապրի ու ապրեցնէ Աստուածածինը այսօրուան կեանքին մէջ:

Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին խոր յարգանք ու երկիւղածութիւն ունի Աստուածամօր նկատմամբ: Աշխարհի բոլոր հայահոծ շրջաններուն մէջ անպայման կը գտնուի եկեղեցի մը, որ կը կրէ Աստուածամօր անունը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը դիմէ հրաշագործ Աստուածամօր, որ առյաւէտ բարեխօս ըլլայ ու իր շնորհաբաշխ օրհնութիւններով ողողէ հաւատացեալներուն կեանքը:

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը` նախագահութեամբ եւ վերահսկողութեամբ Արամ Ա. բազմաշնորհ հայրապետին, Պիքֆայայի բարձունքին վրայ գտնուող Սուրբ Աստուածածին մատուռն ու շրջակայ համեստ շինարարութիւնները վերանորոգեց ու վերածեց ազգային-կրօնական համալիրի մը եւ զայն մկրտեց «Սուրբ Աստուածածին վանք» անունով` հաւատալով Աստուածամօր բարեխօսութեան, հրաշագործ ներկայութեան ու մայրական սիրալիր գուրգուրանքին:

Առաւել քան վեց տասնամեակներ այս սրբատեղին շարունակ եղած է հաւատքի եւ յոյսի  միջնաբերդ: Վեց տասնամեակներու ընթացքին հայ թէ օտար հաւատացեալներ բարձրացած են Պիքֆայայի բարձունքին ամրացած Աստուածամօր բնակավայրը, վերականգնած են իրենց հաւատքը, Աստուածածնայ սրբաբոյր պատկերին դիմաց ծնրադիր, իրենց խնդրանքներն ու պաղատանքները, շնորհակալական խօսքերն ու աղօթքները, անուշաբոյր խունկի հետ քուլայ-քուլայ առաքած են առ Աստուած` ապաւինելով Աստուածածնայ գորովալից ու բարեգութ սրտին:

Այսօր, Աստուածամայրը կոչ կ’ուղղէ մեզմէ իւրաքանչիւրին, որ իր Վերափոխման տօնին առիթով, հոգեւոր զարթօնք մը ապրելով կերպարանափոխուինք, ու մեր ուխտը վերանորոգենք: Խնդրենք իր մայրական հոգատարութիւնն ու բարեխօսութիւնը, որպէսզի մենք եւս մեր հաւատքի կեանքին մէջ աճինք ու Աստուածամօր ներկայութեամբ օրհնուինք եւ օրհնութիւն դառնանք մեր շրջապատին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

100 Մեթր Երկարութեամբ Եռագոյնը` Նեմրութի Բարձունքին

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւնը Մարտունիի Մէջ Կրկին Ճամբար Կազմակերպած Է

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?