«Լիկ-1»-ի 2015-2016 տարեշրջանը պարտութեամբ սկսած Մարսէյի մարզիչ Մարսելօ Պիելսա ներկայացուց իր հրաժարականը:
Նշենք, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին իր դաշտին վրայ Քանէն 1-0 արդիւնքով պարտուած Մարսէյ, այս տարեշրջանին նախօրեակին զօրաւոր կազմ մը պատրաստած էր:
Սակայն ան զարմանալիօրէն մրցումէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ չ՛ուզեր շարունակել իր պաշտօնը:
Նշենք, որ ան իր պաշտօնը ստանձնեց 2014-2015 տարեշրջանին սկիզբը եւ Մարսէյի հետ գրաւեց 4-րդ դիրքը` ընդհանուր դասաւորման մէջ: