Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Անթոնիօ Քասսանօ վերադարձաւ իր նախկին ակումբը` Սամտորիա, որուն հետ ելոյթ ունեցաւ 2007-2011 տարիներուն, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը:
Իտալացին Սամտորիայի հետ կնքեց 2 տարուան պայմանագրութիւն մը, մինչ անոր աշխատավարձը պիտի կազմէ տարեկան 700 հազար եւրօ, որուն վրայ կու գան աւելնալու այլ յաւելավճարները:
ArmSport.am կայքը կ՛եզրափակէ նշելով, որ նախորդ յունուարին Փարմայի հետ իր պայմանագրութիւնը խզելէն ետք, 33 տարեկան Քասսանօ ազատ գործակալի կարգավիճակին մէջ էր: