Երէկ Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի փլէյ-օֆի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը, երբ ամբողջացան զտումի Գ. հանգրուանի մրցումները:
12 խումբեր երթուդարձի դրութեամբ (զոյգ-զոյգ) մրցումներ պիտի կատարեն իրարու դէմ եւ անոնցմէ տասը խումբերը պիտի ապահովեն խմբակներու դրութեամբ շարունակուող մրցաշարքին իրենց տոմսերը` միանալով 22 խումբերուն, որոնք զտումի մրցումներուն չմասնակցեցան:
Բաւական հետաքրքրական պիտի ըլլայ Մանչեսթըր Եունայթըտ – Ֆ. Ք. Պրիւժ, ինչպէս նաեւ Վալենսիա – Մոնաքօ ճակատումները:
Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 18-19 օգոստոսին, իսկ դարձի մրցումները` 25-26 օգոստոսին:
Ստորեւ` վիճակաձգութեան արդիւնքը.
Ասթանա – Ափոյել
Սքենտերպէօ – Տինամօ
Սելթիք – Մալմօ
Պալ – Մաքապի Թել Աւիւ
ՊԱԹԷ – Փարթիզան
Լացիօ Ռոմա – Պայէր Լեւերքուզըն
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Ֆ. Ք. Պրիւժ
Սփորթինկ Լիզպոն – Մոսկուայի Բանակայիններ
Ռափիտ Պուքրեշ – Շախտիոր Տոնեցք
Վալենսիա – Մոնաքօ