Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Մէջ Հայ Կնոջ Սպանութեան Մէջ Մեղադրուող Նազարեանը Պատմած Է Ճշմարտութիւնը

August 7, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մուրատ Նազարեան
Մուրատ Նազարեան

«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ 28 դեկտեմբեր 2012-ին 84-ամեայ հայ տարեց Մարիցա Քիւչիւքի սպանութեան մեղադրանքով ձերբակալուած Մուրատ Նազարեանը բանտին մէջ իրեն տեսակցութեան եկած ընտանիքի անդամներուն եւ իր փաստաբան Էրեն Քեսքինին վերջապէս պատմած է սպանութեան օրը տեղի ունեցած իրական իրադարձութիւնները:

Ան պատմած է, որ սրճարանի մը մէջ աշխատող Ա. անունով տղամարդ մը իրեն հանդիպած է: Սպանութեան օրը այդ տղամարդը զինք հրաւիրած է զբօսայգի, ուր իրեն մօտեցած է ջուր առաքող ինքնաշարժ մը: Ինքնաշարժին մէջէն երեք տղամարդ իրեն դիմած են անուն մականունով եւ հրաւիրած նստիլ ինքնաշարժին մէջ: Կարծելով, որ անոնք ոստիկաններ են, Նազարեան նստած է ինքնաշարժին մէջ: Այնտեղ անծանօթ անձերը իրեն դեղահատ մը խմցուցած են, որմէ ետք տարած են Մարիցա Քիւչիւքի շէնքին մօտ եւ ըսած, որ պէտք է մտնէ անոր բնակարանը: Իսկ իրենք բնակարան մտած են շէնքին ետեւի կողմէն: Նազարեան հազիւ մտած է Քիւչիւքի բնակարանը, անծանօթները յարձակած են տարեց կնոջ վրայ: Վախնալով յարձակումէն` Նազարեան լալով փախուստ տուած է:

Մուրատ Նազարեան դատարանին մէջ նախապէս պատմած էր, որ այդ երեք մարդիկը, որոնք զինուած եղած են, իրեն տարած են Մարիցա Քիւչիւքի տուն եւ սկսած դանակահարել կինը: «Երբ սկսան դանակահարել, ես փախայ: Ատկէ առաջ անոնք կտրեցին մատս եւ արիւնը քսեցին սեղանին դրուած փաստաթուղթի մը վրայ: Եթէ տեսնեմ այդ մարդիկը կամ անոնց լուսանկարները, պիտի ճանչնամ», ըսած էր ան:

Նազարեանը ճանչցողները կը պնդեն, որ ան խաղաղ անձնաւորութիւն մըն է, եւ չեն հաւատար, որ կրնայ մարդ սպաննել:

Ան նախապէս յայտարարած էր, որ սպանութիւնը կատարելու մասին նախկին ցուցմունքը տուած է ոստիկաններու` իր վրայ գործադրած ճնշումին պատճառով: Նազարեան նաեւ աւելցուցած էր, որ այդ դէպքէն ետք ինք երեք ամիս բնակած է գիշերօթիկ պանդոկի մը մէջ, ուր յանձնած էր իր անձնագիրը, եւ եթէ յանցագործութիւնը ինք կատարած ըլլար, ապա պիտի փախչէր:

Թրքական լրատուամիջոցները նախապէս յայտնած էին, որ Քիւչիւքի մարմինին վրայ դանակով խաչ պատկերուած էր, իսկ տունէն ոչինչ գողցուած էր:

Լրատուամիջոցները նաեւ նշած էին, որ Մուրատ Նազարեան բանտին մէջ նոյնիսկ սպառնալիքներ կը ստանայ, որ եթէ ճշմարտութիւնը պատմէ, ապա իր վերջը լաւ պիտի չըլլայ:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Ըստ «Ժողովուրդ»-Ի. Ծխախոտի Արտադրութիւնը Աճած Է 37 Առ Հարիւրով. Բնակչութեան Գնողունակութիւնը Անկում Կրած Է

RelatedPosts

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի  Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար  Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»
Հայկական

Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»

September 26, 2026
Շարունակելու Ենք Հայ Դատի Մեր Ծաւալուն Գործունէութիւնը, Մինչեւ Մեր Ազգային Նպատակներու Լիակատար Իրագործումը
Գլխաւոր լուրեր

Շարունակելու Ենք Հայ Դատի Մեր Ծաւալուն Գործունէութիւնը, Մինչեւ Մեր Ազգային Նպատակներու Լիակատար Իրագործումը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.