Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՄՍՈՒԱՆ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ` ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԿԱՏԱՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՈՎ

August 18, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Առաջնորդ սրբազանը կ՛ուղղէ իր պատգամը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 17 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածնայ նուիրուած աղօթքի ամսուան յայտագիրին եզրափակիչ արարողութիւնը:

Բացման խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Լուսին Գաբրիէլեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն արարողութեամբ երաժշտութեան միջոցով պիտի զգանք այն պահը, զոր դարեր առաջ մեր հոգեւոր հայրերը ստեղծած եւ աւանդած են մեզի` աւելցնելով, որ յայտագիրը իր ամբողջութեամբ նուիրուած է Ս. Աստուածածինին:

Քառեակը կը կատարէ Ս. Աստուածածնայ նուիրուած շարականներ

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան փոքրիկն Մերի Վարդանեան, որ ջութակի վրայ նուագեց դասական երաժշտութենէ կտորներ, Երուանդ Քէշիշեան, որ երգեց «Աւէ Մարիա»ն` ընկերակցութեամբ Մարիա Յակոբեանի` դաշնակ, Սեպուհ Յովակիմեանի` երգեհոն եւ Սեւան Պասմաճեանի` ջութակ, իսկ այս առիթով ստեղծուած քառեակը` բաղկացած դպրապետներ Խաժակ Պոյաճեանէ, Կարօ Քէշիշեանէ, Երուանդ Քէշիշեանէ եւ Մուրատ Չորպաճեանէ, ներկայացուց Ս. Աստուածածնայ նուիրուած շարականներու փունջ մը:

Յայտագիրին եզրափակիչ բաժինով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ուղղեց իր պատգամը: Ան նկատել տուաւ, որ Ազգային առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը ծրագրած էր Աստուածածնայ նուիրուած աղօթքի ամիս, որ սոյն արարողութեամբ հասաւ իր աւարտին` աւելցնելով, որ ծրագիրին նպատակն էր ժողովուրդին մէջ վերակենդանացնել Աստուածամօր նուիրուած բարեպաշտութիւնը: «Ամէն շաբաթ արարողութեամբ մը բացայայտեցինք այն, ինչ որ մեր ժողովուրդը ապրած, ստեղծագործած, զգացած եւ արձանագրած է», ընդգծեց առաջնորդ սրբազանը` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք սատարած էին Աստուածամօր նուիրուած աղօթքի ամսուան իրագործման: Սրբազանը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ յայտագիրի մասնակիցներուն:

Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ յառաջիկային ամէն ամիս մէկ օր Աստուածամօր նուիրուած աղօթք պիտի մատուցուի թեմի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ:

Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը գնահատեց փոքրիկն Մերի Վարդանեանի կատարումը: «Մերին եւ իր ընտանիքը գեղեցիկ օրինակն են հայ մանուկի տարուան», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ «Հայ մանուկի տարի»ն ձեռնարկ, գաղափար, ծրագիր չէ, այլ անիկա իմաստ կ՛ունենայ, եթէ մենք գիտնանք հայ մանուկը դաստիարակել: «Ես Մերիին օրինակը կ՛ուզեմ նուիրել «Հայ մանուկի տարուան» Լիբանանի մեր աշխատանքներուն», հաստատեց Գեղամ արք. Խաչերեան` աւելցնելով, որ Մերիի ընտանիքը եւս արուեստագէտ ընտանիք է, եւ հրաւիրեց Մերիի մայրն ու մեծ հայրը (որ երաժշտական գործիքներ կը պատրաստէ)` բացատրելով, որ մեծ հօր խնդրանքով նոր ջութակը ինք պիտի օրհնէ եւ ապա յանձնէ Մերիին` աւելցնելով, որ սոյն ջութակով Մերին մեծերու աշխարհը մուտք պիտի գործէ:

Առաջնորդ սրբազանը յաջողութիւն եւ փայլուն ապագայ մաղթեց Մերի Վարդանեանին եւ մեծ հօր հետ միասնաբար ջութակը յանձնեց անոր:

Նախորդը

ԼՕԽ-Ի ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆ. ՀԱՒԱՔ` «ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐՈՒԱՆ» ԱՌԻԹՈՎ

Յաջորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԵՐ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԸ ԵՒ ՎԵՐ. ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆԸ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.