Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անուշիկ Մէմէիս Յիշատակին, (Մարիցա Գալայճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Օգոստոս 1, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG-20150731-WA0010Շատ դժուար է գրել տողեր անձի մը մասին, որուն բացակայութիւնը ընդունիլը շատ դժուար է կամ աւելի ճիշդ` անկարելի:

Սիրելի՛ Մէմէ,

Կ՛ուզեմ նախ ըսել, որ շատ-շատ կը սիրեմ քեզ եւ արդէն շատ կարօտցած եմ:

Տակաւին չեմ կրցած հաւատալ, որ դուն արդէն մեզմէ առյաւէտ հեռացած ես… Կը փորձեմ ինքզինքս համոզել, որ դուն հիմա աւելի լաւ կը շնչես, քեզի լաց պատճառող ցաւերդ չկան եւ մարմինդ արդէն հանդարտ է:

Շատ կ՛ուզէի մօտդ ըլլալ այդ ցաւերուդ ատեն, գաւաթ մը ջուր տայի, փաթթուէի քեզի ու ըսէի, թէ որքա՜ն կը սիրեմ քեզ: Թերեւս այդ ձեւով քիչ մը մեղմացուցած կ՛ըլլայի ցաւերդ: Դժբախտաբար չունեցայ այդ առիթը, անուշիկ Մէմէ՛ս, բայց գիտեմ, որ դուն ինծի լաւ կը հասկնաս եւ կը ներես, մանաւանդ որ հասկնալն ու ներելը քու բնաւորութեանդ յատուկ գիծերէն են:

Միշտ ժպտուն, համեստ ու համբերատար էիր:

Անսահման սէր ու գուրգուրանք ունէիր զաւակներուդ, մանաւանդ թոռներուդ նկատմամբ: Բոլորս բախտաւոր ենք քեզ մեր կեանքին մէջ ունենալով:

Տակաւին կար աւելի՛ն, նուիրուած էիր նաեւ քու ազգիդ, որուն ծառայեցիր ԼՕԽ-ի ճամբով, երկար տարիներ ըլլալով անդամը այն միութեան, որ հասաւ բոլոր անոնց, որոնք կարիքը ունէին նեցուկի, աջակիցի, օժանդակողի: Վստահաբար մեծ գոհունակութիւն կ՛ապրէիր ԼՕԽ-ի գործունէութեան ճամբով հասնելով ծերին, հիւանդին, ընկերային հարցեր ունեցողին` փորձելով անոնց դէմքերուն վրայ ժպիտ եւ գոհունակութիւն դրոշմել:

Երանի նոյն երկրին մէջ ապրած ըլլայինք, անուշիկ Մէմէ: Մեր հանդիպումները միշտ եղած էին ժամանակաւոր, սակայն անմոռանալի յուշերով լեցուն:

Երբեք չեմ կրնար մոռնալ մանաւանդ, որ ես, քոյրս` Նանօրը եւ եղբայրս` Լեւոնը որքա՛ն անհամբեր կը սպասէինք գիշեր ըլլալուն, որպէսզի դուն նոր պատմութիւն մը պատմելու սկսէիր մեզի, առանց մոռնալու քու պատրաստած պանիրն ու հացը:

Թոռներուդ հետ ժամանակ անցընելը քեզի համար մեծ երջանկութիւն էր:

Անուշիկ Մէմէ՛ս, շատ ուրախ էիր Լեւոնին վկայական ստանալուն համար, ուրախ եմ, որ կարողացար խօսիլ Լեւոնին հետ, քու ջերմ խօսքերդ եւ մաղթանքներդ փոխանցեցիր իրեն: Անշուշտ ձայնէդ զգալի էր, թէ որքա՛ն արցունք կը հոսէին այտերէդ վար:

Քու գեղեցիկ յիշատակներդ միշտ վառ պիտի մնան մեր սրտերուն մէջ եւ, հակառակ անոր որ մենք քեզ պիտի չտեսնենք ասկէ ետք, բայց եւ  այնպէս դուն միշտ վառ ու օրհնաբեր ներկայութիւն պիտի ըլլաս բոլորիս մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ:

Քեզ ամուր համբուրող`

ՑՈԼԵՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ 

Նախորդը

Պապ Թագաւոր, Ստեփան Զօրեան, Տպարան «Անի» Եւ Ուրիշ Բաներ…

Յաջորդը

Վահէ Պէրպէրեանի «Յանուն Հօր Եւ Որդւոյ» Վիպակը Անգլերէն

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?