Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Լոյս 7. Համակող Մթնոլորտ, Դաստիարակիչ Գործունէութիւն Եւ Ճանաչողութեան Եզակի Առիթ

July 31, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Յուլիս-օգոստոս ամիսները լիբանանահայ դաշնակցական երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւններուն համար «Դէպի երկիր» կարգախօսի գաղափարական ընկալման անփոխարինելի եւ գործնական առիթ են անտարակոյս:

Երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ կազմակերպուած ճամբարները, հայրենի նորահաս սերունդին եւ այդ ճամբով ժողովուրդին հետ ամէնօրեայ շփումը, Երեւանէն եւ Ստեփանակերտէն դուրս Հայաստանի տարբեր մարզերը եւ յատկապէս գիւղերը լաւապէս ճանչնալու կարելիութեանց ընձեռումը հարստացնող հանգամանքներ են: Հայրենի պարարտ հողին վրայ դաշնակցական աշխատանք ծաւալելու եւ այդ ճամբով դրսեւորուած երիտասարդական խանդն ու կորովը, վստահաբար իրենց դրոշմը կը ձգեն այս միութիւններուն գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներու հունաւորման վրայ:

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը անցնող տարեշրջանին արդէն որոշած էր Կոտայքի մարզը դարձնել գործունէութեան կարեւոր առանցք: Այս ծիրին մէջ բնական է, որ Կոտայքը դառնար Զաւարեան ուսանողական միութեան կարեւոր գործադաշտը: Գառնիի եւ Չարենցաւանի մէջ այսօր մեծ թիւով պատանիներ զաւարեանականներու անմիջական հսկողութեամբ կը համախմբուին եւ կ՛անցընեն հաճելի ու դաստիարակիչ պահեր: Զաւարեանականները նոյն ճամբարը կազմակերպած են նաեւ Քաշաթաղի հարաւային շրջանին մէջ:

Լիբանանի երիտասարդական միութեան «Անուշ հայրենիք» ծրագիրը, որ ընթացք կ՛առնէ շուտով, պիտի ընդգրկէ Հրազդանի, Աբովեանի եւ Մարտունիի շրջանները: Այս շրջանները գործուղուած դաշնակցական երիտասարդները տասնհինգ օրերու ընթացքին տեղւոյն  պատանիներու դաստիարակչական ծրագիրներու փոխանցման ընդմէջէն մօտէն պիտի առնչուին հայրենիքի  հողին, մթնոլորտին, տագնապներուն եւ ժողովուրդի ակնկալութիւններուն:

Շուտով երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն պիտի միանան Լիբանանի պատանեկան միութիւններէն 150 անդամներ, որոնք իրենց տարեկան բանակումը պիտի կատարեն հայրենի հողին վրայ: Աւելի՛ն, բանակումին մասնակից պիտի դառնան հայրենիքէն խումբ մը դաշնակցական պատանիներ, որպէսզի փոխադարձ ճանաչողութիւնը դառնայ օգտաշատ եւ ամբողջական: 150 պատանիներու Հայաստանագնացութիւնը եւ հայրենի հողին վրայ դաստիարակչական ծրագիրներու գործադրութիւնը անպայման որ իր բարերար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ անոնց կազմաւորումին վրայ:

Լիբանանահայութիւնը ապրիլ-մայիս ամիսներուն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումի ծիրին մէջ ականատես դարձաւ դաշնակցական այս երեք միաւորներու ծաւալած օրինակելի գործունէութեան, կազմակերպած ձեռնարկներուն, որոնք հայութեան պահանջատիրական պոռթկումին շուրջ համախմբեցին մեծ թիւով երիտասարդութիւն եւ ուսանողութիւն, ինչպէս նաեւ լիբանանցի ժողովուրդին փոխանցեցին հայավայել պատգամ:

Այո՛, ՀՅ Դաշնակցութիւնը երիտասարդութեան համար կը մնայ գաղափարական սլացքով ընթացող գործի կուսակցութիւն: Դաշնակցական ուսանողը, երիտասարդը եւ պատանին դաշնակցական գործին մէջ կը տեսնեն իրենց գոյութեան իմաստը, այդ գործին ճամբով կը կերտեն իրենք զիրենք եւ կը համակեն նաեւ իրենց միջավայրը:

Դաշնակցական երիտասարդը դադար եւ հանգիստ չի ճանչնար, ո՛չ ալ մակերեսային, շինծու ու ժամանակավրէպ խօսքի ականջ տալու եւ իր ճիգերը վատնելու առիթն ու շռայլանքը ապրելու ժամանակը ունի, որովհետեւ գործը միշտ կը սպասէ իրեն: Լիբանանի հայահոծ շրջաններէն մինչեւ Հայաստանի ու Արցախի գիւղերը ահաւասիկ գործի եւ պատնէշի վրայ է ան եւ կամրջումը կը կատարէ պատուով ու յանձնառութեան ամբողջական դրսեւորումով:

Այստեղ պէտք է ըլլալ արդար եւ հաստատել, որ այս ծրագիրներուն իրենց ամբողջական նեցուկը կը տրամադրեն Լիբանանի դաշնակցական կազմակերպութեան տարբեր շրջաններու կոմիտէութիւնները եւ դաշնակցական գործին նկատմամբ մեծ հաւատք ընծայող համակիրները, որոնք իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեամբ կը սատարեն այս նախաձեռնութիւններուն յաջողութեան: Ահաւասիկ հաւաքական ճիգի ու գործի արգասիքը հանդիսացող հարազատ դրսեւորում մը, որ անպայմա՛ն եւ մի՛շտ կը պսակուի յաջողութեամբ:

Այո՛, դաշնակցական երիտասարդութիւնը կը գործէ «Դէպի երկիր» կարգախօսին ամբողջական թելադրականութեամբ եւ ընկալումով եւ այս իմաստով համահայկական որակ եւ նկարագիր կու տայ իր բոլոր աշխատանքներուն: Եւ այս բոլորը լիբանանահայ գաղութը կը պահէ կենսունակ ու աշխուժ: Գաղութային աշխատանքներուն լիակատար ստանձնումով մեր երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնը համահայկական պրիսմակը լայն բացած կը շարունակէ իր երթը եւ իր գործը կը դարձնէ նպատակասլաց ու օգտաշատ:

Կը մնայ բոլորիս այս մթնոլորտին շուրջ համախմբել աւելի մեծ թիւով երիտասարդութիւն եւ ուսանողութիւն, որպէսզի լիբանանահայ գաղութը շարունակէ իր առաքելութիւնը, եւ հարստացնենք մեր հաւաքական կեանքի մարդուժի դրամագլուխը:

 

 

 

 

Նախորդը

Նշմար. Ինճիրլիք Ռազմակայանը Եւ Կալուածին Հայ Սեփականատէրերուն Դատը

Յաջորդը

Հիւսիսային Քորէան Կ՛աւարտէ Մեծագոյն Հրթիռներու Համար Նախատեսուած Հարթակի Կառուցումը

RelatedPosts

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

January 9, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Խաւարէն Դէպի Լոյս
Անդրադարձ

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.