Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 14, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԾԱՆՕԹ զինեալներ երէկ Ժըպ Ժըննինի մէջ առեւանգեցին Շթորայի «Մաուարետ» դրամատան տնօրէնը` Մոհամետ Ապու Ժախ:

ԻՏԱԼԻՈՅ դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Փաուլօ Ճենթիլոնի, որ երէկ երեկոյեան Պէյրութ հասաւ, այսօր հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ կառավարութեան յաջորդ նիստին գծով ոչ մէկ համաձայնութեան կարելի եղած է յանգիլ:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ գործադրուած` կառավարութեան դէմ բողոքի ցոյցը մերժելի է եւ ամօթ կը նկատուի:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի համբերութիւնը նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նկատմամբ սպառած է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ առաջադրած է նախաձեռնութիւն մը` միջնորդելու Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ փողոց իջնելու քայլը կը հարուածէ Լիբանանը կազմող բոլոր համայնքներուն շահերը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքները արգելակելու քայլը քաղաքական ոչ մէկ ուժի կը նպաստէ եւ ոչ ոքի իրաւունքները կ՛ապահովէ:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն կառավարութեան գործելաոճը փոփոխութեան ենթարկել:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ կառավարութեան գործելաոճը սահմանադրութեան հիմամբ որդեգրուած է արդէն եւ հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան կամ ներկայութեան պէտք է գործադրել:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս զգայուն հանգրուանին կառավարութեան գոյութիւնը անհրաժեշտութիւն է:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ համաձայն չէ լիբանանեան բանակին հրամանատարութեան դէմ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի արշաւին: Նոյն աղբիւրին համաձայն, Ֆրենժիէ չի մերժեր բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը, եթէ նոր հրամանատար մը նշանակելու շուրջ համախոհութիւն չգոյանայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտասանած ճառը իսկապէս ազգային է, սակայն անիկա ոչ մէկ նորութիւն կը փոխանցէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Լիբանանի հարցերուն լուծումը նախագահական ընտրութիւնը եւ սահմանադրական հաստատութիւնները աշխուժացնելն է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը տնօրինելու ձեւը զօր. Միշել Աունի բեռը կը ծանրացնէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար յայտնեց, որ փողոց իջնելու ընտրանքը տակաւին ի զօրու է, եւ Ազգային ազատ հոսանքի համակիրները կազմ ու պատրաստ կը սպասեն:

ՊԵՔԱԱՅԻ մէջ Հըզպալլայի պատասխանատու Մոհամետ Եաղի յայտնեց, որ Հըզպալլա ամէն գնով կը դիմադրէ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան, յատկապէս Պեքաայի մէջ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը կ՛ապրի ապօրինի եւ հակասահմանադրական իրավիճակ մը:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ գոյութիւն ունի արտաքին որոշում մը` Լիբանանի կացութիւնը չպայթեցնելու:

Նախորդը

Եւրոյի Գօտիի Ղեկավարները Յունաստանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացուցին

Յաջորդը

Ապպաս Իպրահիմ Ուղղուեցաւ Քաթար

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?