Ռուսիոյ զինեալ ուժերու հարաւային զինուորական մարզի յանձնախումբը Հայաստանի ռուսական խարիսխին մէջ անակնկալ ստուգումներու սկսաւ:
Անակնկալ ստուգումներուն ընթացքին յանձնախումբը նաեւ կ՛ուսումնասիրէ «Էրեբունի» օդակայանին մէջ տեղակայուած ռուսական հերթապահ օդուժի պատրաստութիւնը մարտական առաջադրանքներու իրականացման:
Տագնապով բարձրացած ստորաբաժանումներու գործողութիւններուն կը հետեւի անօդաչու թռչող սարքերու ստորաբաժանումը` «Նաւոտչիք-2» արդիական համալիրին օգնութեամբ:
«Յանձնախումբին աշխատանքը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ առարկայական գնահատական տալու ստորաբաժանումներու մարտական պատրաստականութեան», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: