
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, որ իբրեւ պատուոյ հիւր կը գտնուի Սէուտական Արաբիա, երէկ հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին` աւելցնելով, որ լիբանանցի եւ սէուտցի ժողովուրդներուն միջեւ ամուր յարաբերութիւն գոյութիւն ունի:
Միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ անհրաժեշտ է երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդել, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմադրել ամէն տեսակ ահաբեկչութեան, որ կը գործուի կրօնի անունով եւ որուն նպատակն է շրջանին մէջ սադրանքներ նախապատրաստել:


