Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

August 15, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ Անթիլիասի պայթումին ծիրին մէջ դատական իշխանութիւններուն հետաքննութիւնը կը շարունակուի` աւելցնելով, որ ոչ ոք իրաւունք ունի այդ պայթումին մասին յայտարարութիւններ կատարելու` նախքան հետաքննութեան աւարտը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ Պահիա Հարիրի եւ Նաամէ Թոհմէ, ինչպէս նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի, անձնական օդանաւով մը մեկնեցան Սէուտական Արաբիա:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ գետին մօտ գտնուեցան չորս ձեռնառումբեր, որոնք քաղաքացիներուն սարսափ պատճառեցին, սակայն բանակի սակրաւորներուն կողմէ զանոնք ուսումնասիրելէ ետք յայտնուեցաւ, որ անոնք անգործածելի են:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Դիմադրութեան դէմ պատերազմն ու տեղեկատուական «ռմբակոծում»ը կը շարունակուին մերթ Միջազգային դատական ատեանի խորագիրին եւ մերթ այլ խորագիրներու ներքեւ: Ան հաստատեց, որ բոլոր այս արշաւներուն նպատակն է աղաւաղել Դիմադրութեան պատկերը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի զգուշացուց Լիբանանին սպառնացող ներքին եւ արտաքին սպառնալիքներէն: Ան նկատել տուաւ, որ նախկին կառավարութիւններուն նպատակն էր Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը օգտագործել` սպառնալու համար Լիբանանի ապահովական կայունութեան, քաղաքացիական անվտանգութեան եւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթասկիզբին պիտի նախագահէ յատուկ նիստի մը, որուն ընթացքին ան արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի եւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի հետ պիտի քննարկէ բանտերուն իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Ռումիէ բանտէն փախուստ տուած արգելափակեալներուն թղթածրարը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին պատասխանելով ուժանիւթի օրինագիծին վերաբերող հարցումի մը շեշտեց, որ այդ օրինագիծին մերժումը կրնայ նոյնիսկ հասնիլ կառավարութենէն հրաժարելու աստիճանի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ կարելի չէ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանել, երբ երկրին մէջ ապահովական կղզիներ գոյութիւն ունին:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ ելեկտրականութեան վերաբերող յատուկ օրինագիծը պիտի յղուի խորհրդարան:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն սահմանային Կապոյտ գիծին յարակից ականուած շրջանները վնասազերծելու:

 

 

Նախորդը

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ

Յաջորդը

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ. ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԲԱՑՈՒԱԾ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԽԱՂԵՐԸ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։