Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի վիճակաձգութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ 23 սեպտեմբերէն 3 հոկտեմբերին` Չինաստանի մէջ:
Ասիոյ ախոյեան հանդիսացող խումբը կ՛ապահովէ 2016-ին Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ (Պրազիլ) տեղի ունենալիք Ողիմպիական խաղերուն իր տոմսը:
Այս ախոյեանութեան մաս կազմող խումբերը բաժնուեցան 4 խմբակի:
Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ մաս կազմեց Դ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Թայուանը, Քաթարը եւ Ղազախստանը:
Ստորեւ` վիճակաձգութիւնը.
Ա. ԽՄԲԱԿ.- Իրան (2013-ախոյեան), Ճափոն, Մալեզիա եւ Հարաւային Ասիայէն խումբ մը:
Բ. ԽՄԲԱԿ.- Հարաւային Քորէա, Յորդանան, Սինկափոր եւ Չինաստան:
Գ. ԽՄԲԱԿ.- Ֆիլիփեան կղզիներ, Պաղեստին, Քուէյթ եւ Արեւելեան Ասիայէն խումբ մը:
Դ. ԽՄԲԱԿ.- Թայուան, Լիբանան, Քաթար եւ Ղազախստան: