
Պուլկարիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Պորիսլաւ Միհայլով լրագրողներու հետ ունեցած իր մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ գերմանացի Լոթար Մաթէուս համաձայն գտնուեցաւ մինչեւ 2013 մնալու երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ:
50 տարեկան գերմանացին իր պաշտօնը ստանձնած էր նախորդ սեպտեմբերին` մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով: Ան փոխարինած էր Սթանիմիր Սթոյլովը:
Նշենք, որ այժմ Պուլկարիա իր յոյսը գրեթէ կորսնցուցած է Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի իր տոմսը ապահովելու գծով:


