Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երեւանը Կը Ձգտի Պահպանել Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Երեք Սկզբունքները, Պաքուն` Ընդամէնը Մէկը» Կ՛ըսէ Ֆոր

Յունիս 20, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժաք Ֆոր
Ժաք Ֆոր

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի նախկին համանախագահ Ժաք Ֆոր Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ՕԹԱՆ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի Ռոզ Ռոթ սեմինարին ընթացքին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ Երեւան կը յենի ԵԱՀԿ-ի տագնապի լուծման Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի երեք սկզբունքներուն վրայ եւ ջանքեր կը գործադրէ այդ երեքին պահպանման համար, մինչդեռ Պաքուն երեք սկզբունքներէն առաջնահերթութիւն կու տայ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին, ինչ որ կը խոչընդոտէ բանակցութիւններու արդիւնաւէտութիւնը:

Ան շեշտած է, որ տագնապին կողմերը կ՛որդեգրեն համաձայնագիրներ, փաստաթուղթեր, սակայն անոնք չեն կիրարկուիր: «Այսօր ակնյայտ է մէկ բան. բանակցութիւնները յանգեցուցած են գաղափարներու, սակայն ոչ արդիւնքներու: Կողմերուն միջեւ ամէնէն բարձր մակարդակով վստահութեան բացակայութիւնը մեծագոյն խոչընդոտներէն է: Կողմերը մէկը միւսին չի վստահիր` օրինակ բերելով շարք մը հարցեր», ըսաւ Ժաք Ֆոր` աւելցնելով, որ խնդիրներէն մէկն ալ այն է, որ շրջանին մէջ գոյութիւն ունի սպառազինութեան մրցավազք:

«Ազրպէյճանի պաշտպանութեան ուղղուած պիւտճէն աւելի բարձր է, քան Հայաստանի ամբողջ պիւտճէն, եւ այս հարցին մէջ քաղաքական կամք պէտք է ըլլայ համաձայնութեան գալու եւ փոխզիջումներու դիմելու պատրաստակամութեան համար», ըսաւ Ֆոր:

Ըստ ֆրանսացի նախկին համանախագահին, ներքին քաղաքական հոլովոյթները եւս պատճառ կը հանդիսանան, որ բանակցութիւնները արդիւնք չտան: «Երկու երկիրներուն նախագահները կը վախնան քննադատութենէն: Եթէ բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկեն հարցեր, որոնք հասարակութիւնները պիտի գնահատեն իբրեւ անընդունելի զիջում, ապա ատիկա պիտի յանգեցնէ անշրժելի իրադարձութիւններու: Եւ անոնք բացարձակ դիրքեր կ՛որդեգրեն, որպէսզի հասարակութեան մէջ ներկայանան իբրեւ անձեր, որոնք որեւէ դիմադրութիւն չեն ընդունիր», ըսաւ Ֆոր:

Ան շեշտեց, որ շատերը չեն բացառեր, որ Եւրոպական խաղերու աւարտէն ետք Պաքու դարձեալ դիմէ բռնի գործողութիւններու, սակայն ֆրանսացի նախկին համանախագահը կ՛ընդգծէ, որ Ազրպէյճան շատ բան պիտի կորսնցնէ:

«Նախ եւ առաջ միջազգային ընտանիքին մէջ պիտի կորսնցնէ այն դերը, որ ան կը փորձէ տագնապը խաղաղ ճամբով լուծել, բացի ատկէ, ոչ մէկ ներդրող պիտի փափաքի գումար ներդրել երկրի մը մէջ, որ պատերազմի մէջ է», ըսաւ Ժաք Ֆոր:

 

Նախորդը

ՍԴՀԿ-ը Պոլսոյ Քաղաքապետէն Կը Պահանջէ 20 Կախաղաններու Զոհերուն Աճիւնները

Յաջորդը

Հանրապետականները Դէմ Քուէարկեցին Կառավարութեան Ներկայացուցած Օրէնքին

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?