Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԸ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

August 13, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրիստոնէական եկեղեցին շատ կանուխէն սկսած է յարգանք տածել Սուրբ Աստուածածինին հանդէպ: Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին մէկ մասնիկը ըլլալով Տիեզերական եկեղեցւոյ, ինք եւս յատուկ երկիւղածութիւն ունեցած է Ս. Աստուածածինին հանդէպ: Սակայն  Ս. Աստուածածինին յարգանքը աւելի շեշտուած է նեստորական վարդապետութեան ժամանակ: Նեստոր կ՛ըսէր, թէ Մարիամէն ծնածը պարզ մարդ մըն էր, հետեւաբար սխալ է Մարիամին Աստուածածին անունը տալ, այլ պէտք է ըսել` մարդածին: Նեստոր եւ իր վարդապետութիւնը նզովուած են Տիեզերական երրորդ ժողովով, որ տեղի ունեցած է Եփեսոսի մէջ: Նեստորի դատապարտութեամբ,  Տիրամօր յարգանքն ու պատիւը հետզհետէ աւելի շեշտուած է:

Հայ եկեղեցին, որ ընդունած է Եփեսոսի ժողովը եւ իր կարգին միշտ նզոված է Նեստորը եւ անոր վարդապետութիւնը, ինք եւս  փարած է Մարիամի աստուածածնութեան եւ անոր հանդէպ ունեցած յարգանքն ու պատիւը միշտ պահած է:

Ս. Կոյսին անունով շինուած են եկեղեցիներ ամէնուրեք. աւելի՛ն, եկեղեցւոյ աւագ խորանին պատկերը եւս Աստուածածինն է` իր աջ ձեռքին մէջ ուենալով Յիսուս մանուկը: Աստուածածինին համար գրուած են բազմաթիւ շարականներ: Հայ եկեղեցւոյ մէջ ամէն օր Աստուածածինին նուիրուած շարականներ կ՛երգուին «Մեծացուսցէ» անունով: Հայ եկեղեցին Աստուածածինին մեծ տեղ տուած է նաեւ իր աղօթքներուն մէջ: Հայ եկեղեցին մեծ կարեւորութիւն ընծայած է Մարիամ Աստուածածինի բարեխօսութեան եւ այս իսկ պատճառով յաճախ իր արարողութիւններուն մէջ կը դիմէ անոր: Հայ եկեղեցին նկատի առնելով Մարիամ Աստուածածինին ունեցած  բարոյական եւ հոգեկան արժանիքները եւ անոր յարգանքը աւելի եւս շեշտելու համար հաստատած է Աստուածածինին նուիրուած եօթը տօներ.

ա.- Յղութիւն: Մարիամ Աստուածածինին նուիրուած տօներուն առաջինն է յղութիւնը: Մարիամի ծնողները եղած են Յովակիմն ու Աննան:  Ըստ աւանդութեան, Յովակիմ իր ընծաները Աստուծոյ մատուցելու համար տաճար կ՛երթայ, սակայն քահանաներէն մէկը անարգելով զայն` կ՛ըսէ. «Քեզ չէ պարտ յառաջ մատուցանել զընծայսն Աստուծոյ, վասնզի ոչ ունիս զաւակ ի մէջ Իսրայէլի»: Այս խօսքերը խորապէս կը վիրաւորեն Յովակիմին սիրտը, որ կ՛որոշէ տուն չվերադառնալ եւ լեռ բարձրանալ ու Աստուծոյ աղօթել: Աննան, երբ կ՛իմանայ պատահածը, ինք եւս աղօթքի կը նուիրուի: Եւ օրեր ետք Աստուծոյ հրեշտակը կ՛երեւի ու կ՛աւետէ Աստուածածինի յղութիւնը: Աւանդութեամբ մեզի հասած այս պատմութիւնը վերջին դարերուն միայն սկսած է տօնուիլ եկեղեցւոյ մէջ: Հայ եւ Յոյն եկեղեցիները զայն կը տօնեն, դեկտեմբեր 9-ին, իսկ Լատին եկեղեցին` դեկտեմբեր 8-ին:  Կաթոլիկ եկեղեցին նոյնիսկ 1854-ին իբրեւ հաւատոյ վարդապետութիւն հռչակեց, թէ Աստուածածինի յղութիւնը անարատ եղած է, բան մը, որ Հայ եկեղեցին կը մերժէ:

բ.- Ծնունդ Ս. Աստուածածինի: Ս. Մարիամ Աստուածածինին նուիրուած տօներէն երկրորդը անոր ծնունդին նուիրուած տօնն է: Ս. Մարիամ Աստուածածինին ծնունդը  չէ յիշուած աւետարաններուն մէջ, ոչ ալ ծննդեան տեղն ու ժամանակը գիտենք: Տօնը կը կատարուի անխախտ կերպով, սեպտեմբեր 8-ին:

գ.- Ընծայումն ի տաճար: Երրորդ տօնը Ս. Մարիամի տաճար ընծայումն է: Ինչպէս ըսինք, Աննան ամուլ ըլլալով` Ս. Մարիամ կը ծնի որպէս ուխտի զաւակ: Եւ երբ երեք տարեկան կ՛ըլլայ, ծնողները զայն Աստուծոյ կ՛ընծայեն: Եւ ահա այսպէս Ս. Մարիամ այրիներու եւ կոյսերու հսկողութեամբ կը մեծնայ եւ տաճարին կը ծառայէ: Այս ընծայման տօնը կը կատարենք նոյեմբեր 21-ին, հաստատուն կերպով:

դ.- Աւետում: Այս տօնով կը յիշատակենք  Գաբրիէլ հրեշտակապետին Ս. Մարիամին բերած աւետիսը. «Ուրախացի՛ր, շնորհալի՛ կոյս, որովհետեւ Աստուած քեզի հետ է… Ահա պիտի յղանաս եւ զաւակ մը ծնիս, որ Յիսուս պիտի կոչես»: Աւետման տօնը Հայ եկեղեցին կը տօնէ ապրիլ 7-ին, հաստատուն կերպով, եւ եթէ նոյնիսկ Մեծ պահքի հանդիպի, փառաւորապէս կը յիշատակուի:

ե.- Գիւտ գօտւոյ: Ս. Մարիամ Աստուածածինին նուիրուած տօներուն մէջ երկու տօները ուղղակի առնչուած են Ս. Մարիամ Աստուածածինին  գործածած իրեղէններուն: Ասոնցմէ առաջինը «Գիւտ գօտւոյ» տօնն է: Ե. դարուն Երուսաղէմի մէջ ի յայտ եկած է Ս. Աստուածամօր գօտին եւ հանդիսաւոր կերպով փոխադրուած է Կ. Պոլիս ու զետեղուած` Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Այս տօնը Հայ եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Աստուածածինի երրորդ կիրակին:

զ.- Գիւտ տփոյ: Նոյնպէս` գօտիին գիւտէն քիչ ետք գտնուած է նաեւ սրբազան տուփ մը, որուն մէջ գտնուած է Ս. Աստուածածինին լաչակը: Այս տօնը Հայ եկեղեցին կը տօնէ Հոգեգալուստի հինգերորդ կիրակին:

է.- Վերափոխում Սուրբ Աստուածածինի: Ս. Մարիամ Աստուածածինին նուիրուած տօներուն մեծագոյնն է Աստուածածինին Վերափոխումը, որ նաեւ Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկն է: Այս տօնով եկեղեցին Աստուածածինին երկինք փոխադրուիլը կը յիշատակէ: Կը տօնուի օգոստոս   15-ի մերձաւոր կիրակին: Տօնը կը պահէ նաեւ Տէրունական տօնին յիշատակութիւնը` «Գալուստ ի փոխումն մօրն» բացատրութեամբ, որովհետեւ, ըստ աւանդութեան, Քրիստոս ինք անձամբ եկած ու իր մայրը երկինք փոխադրած է:

* * *

Ահաւասիկ` եօթը տօներ, որոնց ճամբով Աստուածամայրը` Մարիամ, կ՛ապրի ու կը շնչէ Հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Արդարեւ, մեր եկեղեցւոյ սրբակրօն հայրապետները ու եռամեծար վարդապետները իրենց հեղինակած աղօթքներուն ու յօրինած գեղահիւս շարականներով յատուկ հանդիսաւորութիւն կը ստեղծեն Աստուածամօր նուիրուած տօնակատարութեանց ընթացքին, որոնք կ՛ոգեւորեն հայ հաւատացեալը:

Իցի՜ւ որ մեր ժողովուրդի զաւակները առիթ ստեղծեն մտերմանալու Աստուածամօր հետ` Հայ եկեղեցւոյ ճամբով, որովհետեւ Աստուածամայրը խնդութիւն եւ ուրախութիւն պիտի պարգեւէ բոլոր անոնց, որոնք Քրիստոսի հարս` եկեղեցւոյ  արգանդէն մկրտութեան ճամբով ծնելով, պիտի դառնան նաեւ իր` երկնաւոր հարսին հարազատ զաւակները:

Աստուածամօր վերափոխման տօնին նախօրեակին մեր ձայները կը միացնենք հայոց հայրապետին` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին ու կ՛աղօթենք` ըսելով.

«Սա պահուն, որպէս ուխտաւորներ, դարձեալ կը դիմենք մեծ սուրբին` Մարիամ Աստուածածինին, ըսելով`

Բարեխօսեա՛ վասն մեր առ Որդին քո Միածին…:

Բարեխօսէ՛ ո՜վ Աստուածածին Մարիամ, որպէսզի աշխարհին մէջ ամէն տեսակ բռնութիւն դադրի եւ սէր ու եղբայրութիւն հաստատուի ազգերու եւ մարդոց միջեւ:

Բարեխօսէ՛, որ մեր ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ մէկ ազգի ու հայրենիքի անխախտ հաւատքով միութիւնը ամրապնդուի:

Բարեխօսէ՛, որ Հայաստանը, մեր հայրենիքը, աւելի՛ հզօրանայ ու ծաղկի` մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամբողջական ու գործօն մասնակցութեամբ:

Բարեխօսէ՛, որ մեր ազգին բոլո՛ր հիւանդները շուտափոյթ առողջութիւն ու բանտարկեալները ազատութիւն գտնեն, եւ յաջողութիւնն ու երջանկութիւնը լեցնեն մեր ընտանիքներուն ու զաւակներուն կեանքը:

Բարեխօսէ՛, ո՜վ Սուրբ Աստուածածին Մարիամ, որ այսօր ուխտի եկած մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն ուխտը ընդունելի դառնայ»:

ՊԵՏՐՈՍ ԱԲՂ. ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞ՆՉ Է ԻՄԱՍՏԸ ԱՂՕՐՀՆԷՔԻՆ, ՄԱՏԱՂԻՆ ԵՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔԻՆ

Յաջորդը

«ԱՅՍ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՅԱՐԳԱՆՔ` ԻՐԱՒԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ» Կ՛ԸՍԷ ԱՆԳԼԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.