Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսական Երկաթուղիներ» Ընկերութիւնը Յստակացուցած Է Իրան-Հայաստան Երկաթուղիի Կառուցման Նախագիծին Վերաբերեալ Իր Դիրքորոշումը

Յունիս 17, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-16-15_rail«Gudok.ru» կայքը կը հաղորդէ, որ «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութիւնը յստակացուցած է Իրան-Հայաստան երկաթուղիի կառուցման նախագիծին վերաբերեալ իր դիրքորոշումը:

Ինչպէս նախապէս նշած է ընկերութիւնը,  աշխարհաքաղաքական տեսանկիւնէն Իրան-Հայաստան երկաթուղիի կառուցման նախագիծը կարեւոր ռազմավարական նշանակութիւն ունի Հայաստանի Հանրապետութեան համար` եւրասիական եւ համաշխարհային փոխադրամիջոցներու համակարգին հետ Հայաստանի փոխադրամիջոցներու ենթակառոյցներու համարկման ծիրին մէջ:

Ատոր կողքին, ինչպէս յայտարարուած էր նախապէս, հաշուի առնելով այդպիսի տարողութեամբ նախագիծերու զգալի արժէքն ու ծախսերը ծածկելու երկարատեւ ժամկէտները, որոնք զանոնք տնտեսական առումով քիչ գրաւիչ կը դարձնեն առեւտուրի համար, անոնց իրականացումը առանց պետութեան աջակցութեան դժուար է:

Ռուսական եւ համաշխարհային փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ ռազմավարական ենթակառոյցներու նախագիծերուն պետական աջակցութիւնը նշանակալի ազդեցութիւն կ՛ունենայ արդիւնաբերութեան վրայ եւ կարեւոր նշանակութիւն ունի ընդհանուր առումով տնտեսութեան կայուն զարգացման համար:

Նախապէս «Քաւքասիա» կայքը փոխանցած է «Ռուսական երկաթուղիներ»-ու յայտարարութիւնը, ուր ընկերութիւնը յայտնած է, որ կարեւոր կը նկատէ Իրան-Հայաստան երկաթուղիի շինարարութիւնը` աշխարհաքաղաքական առումով:

Օգոստոս 2014-ին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ հաւանութեան արժանացած այս նախագիծին արժէքը կը գնահատուի 3,5 միլիառ տոլարով: Իրան-Հայաստան երկաթուղիին երկարութիւնը պիտի ըլլայ 300 քիլոմեթր: Կ՛ակնկալուի, որ երկաթուղիին շինարարութիւնը աւարտի 2022-ին: Բեռնափոխադրումներու ծաւալը պիտի կազմէ տարեկան 25 միլիոն թոն:

 

Նախորդը

Դիմադրութեան Մարտիկները Իրենց Հակակշիռին Տակ Առին Թալլեթ Քուշը Եւ Քըրնեթ Ռաս Սաապէն

Յաջորդը

Ըստ Թուրքիոյ Ընդդիմադիր Կուսակցապետին. Մայրս Կրնայ Ըլլալ Հայ Է

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?