Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրենժիէ Ընդունեց Էմիլ Ռահմէն

June 6, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-05-15_rahme_frenjieՄարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Թատամոն կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Ռահմէ յայտնեց, որ Թատամոն կուսակցութիւնը վերաշխուժացուցած է իր գործունէութիւնը` շեշտելով, որ այդ կուսակցութիւնը կու գայ Մարատա հոսանքին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան խորերէն:

Ռահմէ յայտնեց, որ Ֆրենժիէի հետ հանդիպումը շատ հարազատ էր, ինչպէս նախապէս եղած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ: Ան աւելցուց, որ իրեն համար ատիկա կարեւոր է:

Անդրադառնալով Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ հանդիպումին` Ռահմէ յայտնեց, որ Ֆրենժիէ կը զօրակցի քաղաքական ուժերուն միջեւ կատարուած որեւէ հանդիպումի` աւելցնելով, որ Ֆրենժիէի պարկեշտ եւ ասպետական որոշումներուն շնորհիւ է, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ, Պաթրունէն Զղարթա եւ Պշարրէ կը տիրեն բացառիկ պայմաններ:

Այս իմաստով նաեւ կարեւոր է արժեւորել Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ներդրումը` լարուածութիւնը մեղմացնելու իմաստով Մարատայի հետ անոր համաձայնութեան գործադրութեան առումով:

Միւս կողմէ, Ռահմէ հաստատեց, որ այնքան ատեն որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը ի զօրու կը մնայ, ապա Լիբանան շատ լաւ վիճակի մէջ է:

 

 

 

Նախորդը

Ֆարաոն Ընդունեց Տէյվիտ Հէյլը

Յաջորդը

Պութրոս Հարպ. «Կը Մերժենք Ենթարկուիլ Անոր, Որ Կառավարութեան Իր Կամքը Կը Պարտադրէ»

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ  Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

September 26, 2026
Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն  Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»

September 26, 2026
Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց  Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի  Գործունէութիւնը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի Գործունէութիւնը

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.