Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երիտասարդ Եւրոպական Ընկերվարականներ Կազմակերպութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Բանաձեւ Ընդունած Է

Յունիս 4, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-03-15_FotorCreated4ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 29-30 մայիսին Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ տեղի ունեցաւ Երիտասարդ եւրոպական ընկերվարականներու Բիւրոյի ժողովը: Ժողովին կը մասնակցէին կազմակերպութեան բոլոր լիիրաւ անդամները:

ՀՅԴ Երիտասարդականին կողմէ ժողովին կը մասնակցէր մէկ ներկայացուցիչ` Արէն Քերթեշեան (Ֆրանսա):

Ժողովի օրակարգին մէջ ներառուած էին կազմակերպութեան յառաջիկայ երկու տարիներու գործունէութեան ծրագիրի մշակումը, Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան ժողովի օրակարգի քննարկումը, ամառնային ճամպարի հետ կապուած կազմակերպական հարցերը եւ անդամ կազմակերպութիւններու կողմէ ներկայացուած բանաձեւերու քննարկումն ու որդեգրումը:

ՀՅԴ Երիտասարդականը եւ Ֆրանսայի Երիտասարդ ընկերվարականներու շարժումը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ներկայացուցած էին միասնական բանաձեւ, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղուէր Երիտասարդ եւրոպական ընկերվարականներուն` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, դատապարտելու Թուրքիոյ  ժխտողական քաղաքականութիւնը եւ, կոչ կ՛ուղղէր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն սկսելու հատուցման հոլովոյթին:

Բանաձեւի քննարկումը անցաւ բուռն եւ լարուած մթնոլորտի մը մէջ: Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երիտասարդականի ներկայացուցիչները առարկելով ներկայացուած բանաձեւի կարգ մը կէտերուն դէմ` առաջարկեցին փոփոխութիւններ ըստ հետեւեալի.

– բանաձեւէն հանել ցեղասպանութիւն եզրը եւ փոխարինել կոտորածներ բառով` նկատի ունենալով, որ իրենց կուսակցութեան համար տակաւին  վերջնականապէս յստակ չէ, թէ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն է: Միաժամանակ նման բանաձեւի ընդունումը կրնայ ազդել կուսակցութեան վարկանիշին վրայ` Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

– Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը դատապարտող նախադասութիւնը հանել, քանի որ վիրաւորական է իրենց կազմակերպութեան համար:

– բանաձեւին մէջ աւելցնել մէկ կէտ, ըստ որուն, Հայաստանը եւ բոլոր երկիրները պէտք է բանան իրենց արխիւները եւ Հայաստանն ու Թուրքիան պէտք է կեանքի կոչեն միջպետական յանձնախումբ մը` ուսումնասիրելու Հայոց հարցը, քանի որ պէտք չէ պատմական հարցերը քաղաքականացնել:

Թուրք պատուիրակներու առարկութիւններուն պատասխանեցին Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան Երիտասարդականի եւ Ֆրանսայի Երիտասարդ ընկերվարականներու շարժման ներկայացուցիչները: Գերմանացի երիտասարդները դատապարտեցին թուրք երիտասարդներուն  կեցուածքը, յատկապէս անոնց ժխտողական դիրքորոշումը` շեշտելով, որ այն ինչ որ կատարուած է հայերուն նկատմամբ անվիճելիօրէն ցեղասպանութիւն է, բաց են Հայաստանի արխիւները, պատմաբանները արդէն 100 տարիէ ի վեր կ՛ուսումնասիրեն այդ արխիւները եւ ապացուցուած է, որ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն է:

Ֆրանսացի երիտասարդները երկրորդելով գերմանացի պատուիրակներուն ըսածները, նշեցին բռնի կրօնափոխ դարձած հայերու եւ անոնց ինքնութեան տագնապի հարցերը:

Շուէտի Ընկերվար-ժողովրդավարական երիտասարդական լիկայի ներկայացուցիչները առաջարկեցին մէկ կէտ աւելցնել բանաձեւին մէջ  այն մասին, որ Երիտասարդ եւրոպական ընկերվարականներ կազմակերպութիւնը յանձն կ՛առնէ պայքարիլ, որպէսզի Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութիւնը, ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը խօսեցաւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան հետեւանքներուն մասին եւ ափսոսանք յայտնեց, որ Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երիտասարդականի ներկայացուցիչները կը կրկնեն Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դիրքորոշումները, փոխանակ, իբրեւ  երիտասարդներ` համարձակութիւն ունենալու իրերը իրենց անունով կոչելու:

Ժողովը մերժեց Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երիտասարդականի առաջարկները եւ ընդունեց Շուէտի Ընկերվար-ժողովրդավարական երիտասարդական լիկայի առաջարկը:

Աւարտին բոլոր պատուիրակները, բացառութեամբ թուրքերուն, քուէարկեցին ներկայացուած բանաձեւին օգտին:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Արցախի Բանակի Ռազմափորձեր

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?