Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄԵՐ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ԱՇԽԱՐՀԱՍՓԻՒՌ ՀԱՅ ՈՍԿԵՐԻՉՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄՆ ՈՒ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻՆ ՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ» «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԳԱԳԻԿ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

August 11, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պերճ Ապաճեան, Գագիկ Գէորգեան եւ Նազարէթ Սապունճեան

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 օգոստոսին, «Ազդակ»ի խմբագրատուն այցելեցին եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցութիւն ունեցան Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան նախագահ Գագիկ Գէորգեան, փոխնախագահ Պերճ Ապաճեան եւ միութեան վարչութեան անդամ Նազարէթ Սապունճեան: Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան միութեան նորագոյն ծրագիրներն ու տարած աշխատանքները, անդրադարձ կատարուեցաւ միութեան հետապնդած նպատակին ու ապագային համար նախատեսուած նախաձեռնութիւններուն:

Այս առիթով միութեան նախագահին եւ անդամներուն հետ «Ազդակ» ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ:

«ԱԶԴԱԿ».- Անդրադառնանք Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան հիմնադրումին եւ անոր վարչական գործելաձեւին:

ԳԱԳԻԿ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Միութիւնը ունի 15 տարուան պատմութիւն, որուն ընթացքին բաւական լայնածաւալ գործունէութիւն տարած ենք, փափաքած ենք, որ տարբեր երկիրներու մէջ գործող ոսկերիչներ ներգրաւուին մեր աշխատանքներուն մէջ, սակայն բոլորը այդ կարելիութիւնը չեն ունեցած: Վերջին տարիներուն միութիւնը առաւել եւս զարգացած է, եւ մեր հայ ոսկերիչները կը հրապուրենք այն գաղափարով, որ Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութիւնը հայ ազգի ամէնէն կարեւոր միութիւններէն մէկն է: Այս տարուան ընտրութիւններուն ընթացքին, որոնք տեղի ունեցան այս տարուան ապրիլին, ընտրուեցան նոր կազմ եւ վարչութեան անդամներ, որոնց կարգին է Նազարէթ Սապունճեանը, որուն հրաւէրով Լիբանան կը գտնուինք:

Արդէն հրատարակած ենք մեր միութեան առաջին ամսագիրը, որուն մէջ Հայաստանի նախագահին, Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ միութեան նախագահին պատգամները կան: Տեղեկութիւններ կան միութեան, անոր նախագահներուն, վարչութեան անդամներուն մասին, ինչպէս նաեւ մեր աշխատանքներու ընդհանուր պատկերը:

Նշեմ նաեւ, որ կայ Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութիւնը, իսկ անոր կողքին իւրաքանչիւր երկիր ունի իր ճիւղն ու վարչութիւնը` Լիբանան, Հայաստան, Միացեալ Նահանգներ եւ այլն:

«Ա.».- Ի՞նչ հիման վրայ ստեղծուեցաւ այս միութիւնը:

Գ. Գ.- Այս միութիւնը կազմուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախաձեռնութեամբ եւ հայ ոսկերիչներու օժանդակութեամբ` նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահութեան շրջանին: Կազմակերպութեան խմորումը կատարուեցաւ Պելճիքայի եւ Քանատայի մէջ Հայաստանի օրուան տնտեսութեան նախարարին հովանաւորութեամբ` 1990-ական թուականներուն: Հայ ազգի ոսկերիչներու տարիներու երազը իրականացաւ այսպիսով, անոնք քով քովի եկան եւ ստեղծեցին այս միութիւնը, որ նախ ունեցաւ համաշխարհային իր վարչութիւնը, ապա տարբեր երկիրներու մէջ ստեղծուեցան մարմիններ:

«Ա.».- Տարբեր երկիրներու մէջ գործող ոսկերիչները իրարու ծանօթացնելու առաքելութիւն ունիք նաեւ: Այս իմաստով ի՞նչ աշխատանք տարած էք:

Գ. Գ.- 14 տարիներու ընթացքին միշտ փափաք ունեցած ենք ցուցահանդէս մը կազմակերպելու, սակայն տարբեր պատճառներով, դժուարութիւններու բերումով կարելի չէ եղած այդ մէկը իրականացնել: Այս տարի մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ 21 սեպտեմբերին բացումը պիտի կատարենք մեր առաջին ցուցահանդէսին: Այս թուականը ընտրեցինք այն պատճառով, որ այս տարի Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի նշէ իր անկախութեան 20-ամեակը, եւ ամբողջ աշխարհի հայերը ներկայ պիտի ըլլան այդ տօնակատարութիւններուն, տասնեակ հազարաւոր հայեր պիտի գան եւ վայելեն անկախ Հայաստանը: Այդ առիթով մենք ուզեցինք այս տօնակատարութեան ծիրին մէջ իրականացնել մեր շատ կարեւոր նախաձեռնութիւնը, որ ունի Հայաստանի նախագահին եւ ամբողջ կառավարութեան հովանաւորութիւնը: Նշեմ, որ ցուցահանդէսը պիտի կայանայ Երեւանի «Մարիոթ» պանդոկին մէջ, անիկա չունի առեւտրական նպատակ կամ բնոյթ, բայց եւ այնպէս առեւտուրը եւս ունի առաջին քայլ մը, զոր պէտք է առնէինք: Ասիկա կարեւոր է այն իմաստով, որ գոհարեղէնի աշխարհին մէջ վստահութեան պարագայ կայ, եւ որպէսզի մեր արտադրութիւնները գնեն, մարդիկ պէտք է ճանչնան մեզ: Բայց եւ այնպէս մեր ազգին 5 առ հարիւրը հազիւ կը ճանչնայ Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութիւնը:  Ուրեմն մենք նախ եւ առաջ պէտք է մեր ազգի զաւակներուն ծանօթացնենք մեր միութիւնը, գիտնանք մենք ո՞վ ենք, ի՞նչ ձեւով կը գործենք եւ ի՞նչ նպատակ ունինք: Եթէ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ ապրող հայութիւնը մեր մասին տեղեակ եղաւ, պէտք է մեր ազգի զաւակներուն օժանդակենք, որ մեր միութիւնը դառնայ պրենտ: Իբրեւ նախագահ իմ կարեւորագոյն նպատակներէս է, որ մեր միութիւնը յարգելի դառնայ մեր, նաեւ այլ ազգերու մէջ, աշխարհով մէկ: Ասիկա հիմնական ձեւն ու ուղին է յաճախորդներ ներգրաւելու, անոնց վստահութիւն ներշնչելու, որովհետեւ թերեւս հիմա կան յաճախորդներ, սակայն անորոշ է, թէ ո՞ւր պիտի դիմեն եւ այլն: Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք այս ցուցահանդէսը այս ուղիին վրայ դրուած հիմնաքարն է, մենք պէտք է փաստենք, որ մենք կարողութիւն ունինք մեր ըսածները կատարելու, որպէսզի վստահութիւն ներշնչենք: Ըսեմ, որ այս նախաձեռնութեան պիտի յաջորդեն նաեւ այլ քայլեր, սակայն նախ սկսինք այս հիմնականով:

(Շար. 1)

 

Նախորդը

«ԲԱԳԻՆ» ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍ. ԱՐՏԱՒԱԶԴ ՓԵԼԵՇԵԱՆԻ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ

Յաջորդը

«ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒՈՒՆ 4-ՕՐԵԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍԱՒ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.