Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ 3-0 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ԾԱՆՐ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿՐԵՑ ԼԻԹՈՒԱՆԻԱՅԷՆ

August 11, 2011
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 օգոստոսին, ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Քաունասի մէջ հիւրը եղաւ Լիթուանիոյ:

Նախքան մրցումին մանրամասնութիւնները ներկայացնելը, նշենք, որ այս հանդիպումը նորամուտ մը եղաւ Արթուր Սարգիսովի, Զաւէն Պատոյեանի, Վարազդատ Հարոյեանի եւ Կարէն Իսրայէլեանի համար:

Դժբախտաբար, սակայն, Հարոյեան իր նորամուտը նշեց կարմիր քարտով մը` նկատի ունենալով, որ ան 59-րդ վայրկեանին իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով մրցումը չկրցաւ շարունակել:

Հիւրընկալ կազմը Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ, շնորհիւ Արունաս Քլիմավիսիուսի նշանակած կոլին (9-րդ):

Բ. կիսախաղին Լիթուանիա աւելի սաստկացնելով իր յարձակումները եւ բնականաբար օգտուելով մարզիկի մը առաւելութենէն երկու կոլ եւս նշանակեց` շնորհիւ Սեսնոսքիսի (74-րդ) եւ Պենիուսիսի (77-րդ):

Նախքան Հարոյեանի կարմիր քարտ ստանալը, Եուրա Մովսիսեան դաշտ ներկայացաւ (57-րդ)` փոխարինելով Սարգիսովը:

Մովսիսեանի դաշտ մուտք գործելով հայրենի կազմին յարձակողական գիծը որոշ չափով աշխուժացաւ, սակայն հակառակ ստեղծուած առիթներուն, մրցակից կազմին բերդին ուռկանը մնաց անառիկ եւ անիկա տարաւ վերջնական յաղթանակը` 3-0 արդիւնքով:

Հակառակ անոր որ ընդհանրապէս ֆութպոլի բարեկամական մրցումները մարզիկներ փորձելու կը ծառայեն, սակայն այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ տպաւորիչ մրցում մը ներկայացնելէ ետք: Պէտք է ըսել, որ երէկուան մրցումին հայրենի մարզիկները այդքան ալ տպաւորիչ մրցում մը չներկայացուցին:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի համակիրներուն, անոնց թիւը բաւական շատ էր, հակառակ մրցումին Լիթուանիոյ մէջ ըլլալուն:

Անոնք մրցումին գրեթէ ամբողջ տեւողութեան քաջալերեցին իրենց կազմը, սակայն առանց յաղթանակ կարենալ տօնելու:

Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցումներուն, գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան փորձէ սրբագրել սխալները, իսկ այն մարզիկները, որոնք չընդառաջեցին հաւաքականին մաս կազմելու հրաւէրին, մէկդի դնելով իրենց անձնական հաշիւները, կրեն իրենց հայրենիքին ազգային խումբին շապիկը:

 

 

 

Նախորդը

ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ. ՍՊԱՆԻԱ ԵՒ ՊՐԱԶԻԼ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՆ

Յաջորդը

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍ ԿԱԶՄՈՂ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՆ ՈՒ ՄԱՐԶԻՉՆԵՐԸ

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.