Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԳԷՇ ՄԱՐԴ» ՉԸԼԼԱԼՈՒ ՎՆԱՍԱԲԵՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔ

August 11, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բոլորս կը դժգոհինք, թէ մեր ընկերութեան մէջ արմատանալու սկսած է որձեւէգ տրամադրութիւն մը. երեսանց «այո» ըսել անհաճոյ կամ անիմաստ արտայայտութեան մը, յետոյ, երբ կատարուած սխալը վնաս կը հասցնէ, կը սկսինք քննադատել, թէ ինչո՛ւ թոյլ տրուած է, որ այդպիսի կացութիւն մը ստեղծուի:

Մեր ընկերութեան մթնոլորտին մէջն ենք այս պարագային: Դաստիարակչական հարցի մը մասին զրոյց մը կը կատարուի դպրոցի մը մէջ: Կարծիքներ կ՛արտայայտուին, միտքերու փոխանակում կ՛ըլլայ, անուններ կը տրուին, աշակերտներու յանցանքներ նկատի կ՛առնուին, բայց երբ հարցը կու գայ այսինչեանի քննարկելի պարագային, լռութիւն կը տիրէ զրուցողներուն միջեւ, որովհետեւ ան զաւակն է յարգելի անձնաւորութեան մը: Զրուցողները չեն ուզեր ճշմարտութեան ապաւինիլ, որովհետեւ կրնան դատապարտուիլ  եւ «գէշ մարդ» նկատուիլ:

«Գէշ մարդ չըլլալու» տրամադրութիւնները վնասաբեր աստիճանի հասած են մեր միութենական կեանքին մէջ, ուրկէ «կը զարգանայ» տկարանալը մեր միութենական կեանքին, որովհետեւ արդար ու ճշմարիտ խօսքի արդարամիտ անձերը հեռացած են ու հետզհետէ կը հեռանան: Միջակութիւնները իրաւունք ունին պարծենալու, թէ հասած են իրենց հետապնդած մակարդակին:

Կը դժգոհինք, թէ անկում կ՛արձանագրուի քիչ մը ամէն տեղ. կրթական, եկեղեցական, դաստիարակչական, ընտանեկան, ակմբային, միութենական եւ մտաւորական ոլորտին մէջ: Առածի կարգ անցած է սա խօսքը, թէ «ամէն մարդ ուզածը կ՛ընէ, ո՞վ պիտի ըսէ` սխալ է ըրածդ»: Ճիշդ է, ոչ ոք իրաւունք ունի սրբագրելու միւսին ըրածը, քանի որ ամէն մարդ ինքն է պատասխանատուն իր լաւ կամ վատ արարքին: Հոս կը մտաբերենք հին դարերէն մեզի հասած ճշմարտութիւնը` «Ծանիր զքեզ»ը: Ինքզինք ճանչնալու շատ կարեւոր հարցն է այս: Ինքզինք ճանչնալը, իր սեփական կարողութիւնները կշռել-չափելու մեծագոյն իմաստութիւնն է, որ կը պակսի մեզի:

Եթէ իւրաքանչիւր անձ գիտակցութիւնը ունենայ իր կարողութիւնը ճանչնալու, նաեւ` դիմացինին կարողութիւնը գնահատելու, մեր ազգային ու միութենական կեանքը մեր ընկերային աշխատանքներուն դրուածքը շատ արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ: Պարտականութիւններ, պաշտօններ առնել-տալը առեւտրական վերաբերում չի կրնար ունենալ: Մարդուժի արժէքը պէտք է գիտնալ եւ «ճիշդ մարդը իր ճիշդ տեղը դնելու» իմաստութիւնը պէտք է որդեգրել:  Նման իմաստուն խօսքեր զուր տեղ չեն ստեղծուած, այլ ընկերային, քաղաքական, դիւանագիտական, կրթական եւ այլ մարզերու մէջ աշխատանք ստանձնելու պատրաստ անձերու համար ըսուած է:

Այս մթնոլորտէն զերծ չեն նաեւ մեր կնոջական կազմակերպութիւնները: Եթէ ըսեն, թէ կիները բամբասել կը սիրեն, թերեւս փոքր ճշմարտութիւն մը կայ այս կապակցութեամբ, սակայն միայն կիները մեղաւոր չնկատենք, որովհետեւ բամբասելու «հիւանդութենէն» վարակուած ենք քիչ մը բոլորս, այր ըլլանք թէ կին, որովհետեւ մեզմէ շատեր չեն ուզեր «գէշ մարդ» նկատուիլ, կը սիրէ ըսել «ինծի ինչ» եւ անտարբերութեամբ, ճշմարտութիւնը արտայայտելու դերը կը թողու ուրիշին վրայ, որ իր կարգին նոյնը կ՛ընէ եւ կը պղտորի մեր հաւաքական-ընկերային-միութենական- կրթական-մարզական կեանքը:

Վերջերս ականջալուր եղայ կնոջական ժողովէ մը նոր դուրս եկած քանի մը կիներու վրդոված զրոյցին: Կը դատապարտէին ժողովին մէջ կատարուած սխալ կեցուածքները: Միջամուխ եղայ փարատելու համար իրենց վրդովմունքը եւ հարցուցի.

– Քանի որ սխալներ նկատած էք, ինչո՞ւ չսրբագրեցիք հոն եւ դուրսը կ՛արտայայտուիք: Ասիկա բամբասանք է…

Անոնցմէ մէկը բոլորին բանբերը ըլլալով` ըսաւ.

– Է՜հ, յարգելի անձեր էին, բարի էին, բայց իրենց յանձնուած գործէն բան չէին հասկնար, ինչո՞ւ այդ պաշտօնները տուին անոնց:

– Զուր տեղ մի՛ ջղայնանաք: Մեծագոյն յանցաւորը դուք էք, պէտք է խօսէիք ճիշդ այդ պահուն, հիմա լռեցէք…

Լռեցին, իրաւացի գտան նկատողութիւնը, բայց անզօր էին: Մեր հաւաքական կեանքը հետզհետէ կը յանձնուի անզօր անձերու: «Աւա՜ղ, փառացս անցաւորի» խօսքը իր տեղը գտած է այսօր:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Նախորդը

Կ’ԻՐԱԿԱՆԱՆԱՅ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՌԱՆՑ ՀԱՅԵՐՈՒ» ՑԱՐԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԼՈՊԱՆՈՎԻ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ. ՍՊԱՆԻԱ ԵՒ ՊՐԱԶԻԼ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.