Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Ասիոյ քրիստոնեայ համաժողովի կազմակերպութեամբ «Խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն Ասիոյ մէջ» նիւթով խորհրդակցական ժողովը տեղի ունեցաւ 1-5 օգոստոս 2011-ին` Պանքոքի մէջ, Թայլանտ: Սոյն խորհրդաժողովին մասնակցեցան 22 երկիրներու քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները: Իրանէն հետեւեալ ժողովին մասնակցեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան` ներկայացնելով Իրանի հայ եկեղեցին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:
Խորհրդաժողովը իր աշխատանքներուն սկսաւ երեքշաբթի, 2 օգոստոս 2011-ին, Պանքոքի քրիստոնեայ համագումարներու կեդրոնատեղիին մէջ` 33 ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Առաւօտեան պաշտամունքէն եւ աստուածաշնչական սերտողութիւններէն ետք ժողովը սկսաւ իր աշխատանքներուն: Իւրաքանչիւր երկրէ մէկ ժողովական ներկայացուց իր երկրի եկեղեցական կեանքը իր մարտահրաւէրներով, ձեռքբերումներով եւ մտահոգութիւններով: Սեպուհ սրբազան համագումարին ներկայացուց «Եկեղեցին Իրանի մէջ» նիւթով դասախօսութիւնը` անդրադառնալով, որ եկեղեցին, կամ քրիստոնեայ համայնքը իբրեւ փոքրամասնութիւն, օրէնքով պաշտպանուած է եւ կը վայելէ պետութեան հովանաւորութիւնը: «Քրիստոնէութիւնը վաղուց մուտք գործած է Իրան», ըսաւ սրբազանը` նշելով եկեղեցւոյ եւ յատկապէս հայ եկեղեցւոյ դերը իրանեան հայրենիքին մէջ:
Երեք օրերու վրայ տարածուած ժողովական աշխատանքներուն հայ եկեղեցին իր գործնական եւ անմիջական մասնակցութիւնը բերաւ: Սեպուհ սրբազան մարդկային իրաւունքներու նիւթով զրոյցի շրջագիծին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան, ցեղասպանութեան անուղղակիօրէն շարունակման եւ արցախեան հիմնահարցի ու պաղեստինցի ժողովուրդի արդար պայքարին եւ իրաւունքներուն:
Իր եռօրեայ աշխատանքներուն աւարտին, խորհրդաժողովը յատուկ յայտարարութեամբ շեշտեց իր յանձնառութիւնը` շարունակելու իր աշխատանքը եկեղեցիներու եւ երկիրներու միջեւ մարդու իրաւունքներու եւ խաղաղութեան ամրապնդման ուղղութեամբ:
Յայտնենք, որ Սեպուհ սրբազան յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսի հրաւիրեց Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը այցելելու Անթիլիաս եւ հանդիպում ունենալու վեհափառին հետ:
Ժողովական աշխատանքներու աւարտին Սեպուհ սրբազանը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս` Արթօ Յարութիւնեանին:


