Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակ. Միջազգային Մամուլի Անդրադարձներ

Ապրիլ 22, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-20-15_The-EconomistԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Տի Էքոնոմիսթ» ամսագիրը «Ապաքինելու ժամանակն է» վերնագիրով յօդուածի մը մէջ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ վերջ տալու «ցեղասպանութիւն» եզրին շուրջ վիճելուն եւ Հայաստանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելու: «Լաւ կ՛ըլլար, եթէ ան ընդունէր անցեալի մեղքերը: Ինչպէս եւրոպական միւս տէրութիւնները, ներառեալ` Բրիտանիան, Գերմանիան եւ Ռուսիան, Թուրքիան ճանչնալու բան ունի: Անցեալին Թուրքիան արտաքսած եւ սպաննած է ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ ասորիները, յոյները եւ քիւրտերը: Այսօրուան թրքական կառավարութիւնը նոյնպէս չի կրնար հպարտանալ ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ վերաբերմունքի բարելաւումով», կը գրէ «Տի Էքոնոմիսթ»` աւելցնելով. «1915-ի դէպքերուն կապակցութեամբ թրքական արձագանգը հակաարդիւնաւէտ է»: «Անգարայի համար լաւագոյն ելքը Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելն է», կը նշէ բրիտանական ամսագիրը:

ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ նախկին նախագահ Խուլիօ Մարիա Սանկուինեթի «Լանասիոն»-ի մէջ «Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման 100 տարի» վերնագիրով յօդուած գրած է` անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան եւ Ուրուկուէյի մէջ ձեւաւորուած հայ համայնքին: Ան յօդուածի վերջաւորութեան կը գրէ, որ դժբախտաբար մինչեւ օրս Թուրքիան չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ասիկա կը շարունակէ մնալ հետք` Արեւմուտքի մարդասիրական խղճին վրայ:

«ՖՐԱՆՍ 24» պատկերասփիւռի կայանի եթերը Ապրիլ 24-ին ամբողջութեամբ նուիրուած պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդին, անոր պատմութեան ու մշակոյթին: Պիտի հեռարձակուին այդ նպատակով նախորդ ամիսներուն ընթացքին պատրաստուած վաւերագրական ժապաւէններ: Մեծ տեղ պիտի յատկացուի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հաղորդումներուն եւ քննարկումներուն: Պիտի ցուցադրուի նաեւ Թուրքիոյ մէջ ծպտեալ հայերուն վերաբերեալ վաւերագրական ժապաւէն. լրագրողները պիտի հետեւին վերջիններուս առաջին այցելութեանը դէպի Հայաստան: Օրուան ընթացքին պարբերաբար ուղղակի սփռումով պիտի լուսաբանուին Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջազգային արարողութիւնը եւ Ֆրանսայի մէջ յիշատակի ձեռնարկները:

4-20-15_arteՖՐԱՆՍ-ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ «ԱՐԹԷ» պատկերասփիւռի կայանը շարք մը հաղորդաշարեր եւ շարժանկարներ պիտի ցուցադրէ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: 27 ապրիլին պիտի ցուցադրէ նաեւ Թաւիանի եղբայրներու` 2007-ին նկարահանած «Արտոյտներու ագարակը» գեղարուեստական շարժանկարը, իսկ «Թեհլիրեանի դատավարութիւնը» վաւերագրական շարժանկարը առաջին անգամ ըլլալով պիտի սփռուի 28 ապրիլին: «ԱՐԹԷ»-ի գլխաւոր` «28 վայրկեան» հաղորդում-քննարկումը շարք մը սփռումներ պիտի նուիրէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան եւ 100-ամեակին:

4-20-15_Marianne-ArmeniennesՖՐԱՆՍԱԿԱՆ «Մարիան» ամսագիրը ապրիլին հայերուն եւ Ֆրանսայի մէջ անոնց դերին նուիրուած 100 էջնոց յատուկ թիւ հրապարակած է: Յատուկ թիւի նիւթն է. «Հայերը. ֆրանսական պատմութիւնը»: Խմբագրութիւնը այս յատուկ թիւին հրապարակումը բացատրած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին մօտենալուն եւ Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակով: «Մենք կրնանք գրել, որ առանց հայերուն մեր երկիրը այնպէս պիտի չըլլար, ինչպէս այսօր է», կ՛ընդգծէ ամսագիրը:

 

Նախորդը

Եգիպտական Մեծ Պատուիրակութիւն Մը Ապրիլ 24-ին Երեւան Պիտի Գտնուի

Յաջորդը

Հեղինակաւոր «Փոլիթիք Էնթեռնասիոնալ» Պարբերաթերթը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Բացառիկ Թիւ Հրապարակած Է

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?