Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՐՈՒԹԱՅ ՍԱՐԻՆ ՉԱՐԽԱՓԱՆԸ…

August 8, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ ընթերցող, անտարակոյս, որ կարդացած պէտք է ըլլաս 30 յուլիս 2011 թուակիր «Ազդակ»ի «Անդրադարձ» էջին վրայ տպուած «Յուլիս 30-ին պիտի կատարուի լեռնագնացութիւն` դէպի Մարութայ սար» վերտառեալ  յօդուածը:

Ներկայ Սասունի գաւառին պետական, պաշտօնական ու ժողովրդական մակարդակով կատարուելիք լեռնագնացութեան կապակցութեամբ տրուած գիտելիքները բաւական են ու հետաքրքրական: «Ուխտագնացութեան» կը մասնակցին նաեւ թրքահայեր ու սփիւռքահայեր:

Ծովու մակերեւոյթէն 2967 մեթր բարձր Մարութայ լեռը, Մարաթուկ կամ Մարութկայ սարը կը գտնուի Մեծ Հայքի Տուրուբերան նահանգի Սասունի գաւառին մէջ: Ոչ միայն սասունցիներուն, այլ նաեւ բոլոր հայերուն սրբազան լեռներէն մին է:

«Մարութայ սարի գագաթին է գտնւում Մարութայ Բարձր Աստուածածին անունով հայկական եկեղեցին, որը ժողովրդի շրջանում յայտնի է Մարութայ եկեղեցի անուամբ» («Ազդակ», էջ 3ա):

Ներկայիս աւերակ ու լքուած փոքր եւ միանաւ եկեղեցիին առաջին նախաշինութիւնը, «Սասնայ ծռեր» դիւցազնապատումին համաձայն, կատարեցին Սանասար ու Բաղդասար հերոս իշխանները, որոնց սերունդէն Մհերի որդին`  սասունցի Դաւիթ վերակառոյց Մսրայ Մելիքի զօրքերէն Չարխափան Աստուածածնին քանդուած Մարութավանքը:

Այսպէս, Մարութայ սարը «Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպում յիշատակւում է որպէս հայոց սրբազան լեռներից մէկը Ս. Աստուածածին վանքով` «սասունցիների աղօթատեղին» (ՀՍՀ 7, էջ 354բ): «Մարութավանք դարձել է Սասնայ դիւցազունների սրբատեղին, որի զօրութեանն են ապաւինել իրենց բոլոր նախաձեռնութիւններում» (ՔՀՀ, էջ 711ա):  «Մարութայ եկեղեցին սուրբ է համարւում հայերի» («Ազդակ», էջ 3ա) համար:

Հոս կ՛արժէ անդրադառնալ այս երեք մէջբերումներուն մատնանշած աւանդապատումին ու հաւաստի պատմութեան` երկուքին մէջ վերհանելով հայ ազգին մարեմականութիւնը:

Հայաշխարհին ամէնէն ժողովրդական դիւցազնավէպն է «Սասունցի Դաւիթ»ը, որ այսօր ունի անտիպ եւ հրատարակուած 160-է աւելի պատումներ, պատմազրուցական ու գրական տարբերակներ: Գերհզօր ու բարերար ազդեցութեամբ` բոլորին մէջ առկայ է խնդրակատար Մարիամ Աստուածածինը հայասէր:

Գիտենք, թէ «Սասունցի Դաւիթ» հերոսապատումին դիւցազնավէպ կամ պատմական-գրական ձեւաւորում դառնալու ազդակներն եղան սասունցիներուն այն ապստամբական պատերազմները, որոնք 749-ին եւ 851-ին էականին մէջ յաջողութեամբ մղուեցան անողոք բռնութեամբ տիրապետող արաբներուն դէմ, յատկապէս` անոնց հարկահաւաք ճնշիչ քաղաքականութեան պատճառով:

«Սասնայ ծռեր» առասպելապատումին, ընդհանրապէս, եւ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութեան, մասնաւորապէս, մասնագէտները կը մատնանշեն, թէ երկուքին մէջ խտացած միջավայրի, ընտանեկան յատկանիշներու, կենցաղային յարաբերութիւններու եւ ցեղային բարքերու զուգահեռ, կան նաեւ ազգային ծէսերու եւ կրօնական հաւատալիքներու թանձրացեալ իւրայատկութիւններ: Անոնցմէ է, ստոյգ եմ աներկմտելի ճշմարտութեամբ եւ առարկայական պատմականութեամբ, հայ ժողովուրդին մարեմականութիւնը, որ, իր կարգին, «Սասունցի Դաւիթ»ը կ՛օժտէ տոհմային առանձնայատկութեամբ:

«Սասունցի Դաւիթ» ոչ միայն մարմնացումն է մեր յաղթութեան, այլ նաեւ մղիչ խթանն է դէպի յաղթանակը հայութեան իր գոյամարտին մէջ: Յաղթութեան իրականացումը կը պարտինք, այո՛, մեր դիւցազնին վճռակամութեան ու սխրագործութեան, սակայն, ինչպէս ճիշդ կը վիպագրէ Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան (1869-1923) իր «Սասունցի Դաւիթ»ին մէջ, հերոսը սահմանեալ եւ ընտրեալ անձն է աստուածային նախախնամութեան, որ կը ներկայանայ չարխափան ու հրաշագործ Ս. Կոյս Աստուածամօր հայանպաստ եւ օգնահաս գործունէութեան մէջ:

Ինչպէս արդէն ըսուեցաւ, «մեր սուրբ Տիրամօր վանքը Չարխափան» կամ «Մարութայ Աստուածածին» կառուցուած էր Մարութայ սարին սէգ կատարին: Ան կը հովանաւորէր հայրենի շրջակայքին բոլոր քաղաքները, աւանները, գիւղերն ու շէները: Անոր պահապան շուքին տակ կ՛ապրէին Սասնայ ամրոցին ու բերդաքաղաքին բնակիչները:

Մարութայ սարը կամ Մարաթուկ իր Կուսամօր վանքով` Սասունի Սեւասար կամ Սիմասար եւ Ծովասար լեռներէն բարձրագոյն գագաթն է: Հոս ալ, աշխարհագրական այս տուեալին մէջ յայտնի է մարեմապատկան ճշմարտութիւնը: – Մարիամ Սիրամայրը կը հսկէ մեր հողերուն վրայ…

Այս մարեմահաւատ համոզումն ունէին մեր նախնիները: Այսպէս հաստատ համոզուած էին «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնապատումին երկու գլխաւոր հերոսները` Ձէնով Օհան եւ Դաւիթ եղբօրորդին: Անոնց արտաքին ու ներքին անձկութենէն, ինչպէս ալ մեր ժողովուրդին գոյապայքարէն բխած կանչերը դառնա՜ն մեր աղօթքները հայանպաստ.

«Հէ՜յ – հէ՜յ, Դաւի՛թ, որտե՜ղ ես դու.
Յիշի՛ր խաչը քո աջ թեւի,
Սուրբ Տիրամօր անունը տո՜ւր
Ու դուրս արի լոյսն արեւի…»:

«Ո՜վ Մարութայ Աստուածածին,
Ո՜վ անմահ խաչ պատարագի,
Ձե՜զ եմ կանչել, – հասէ՜ք Դաւթին…:
Կանչեց, տեղից ելաւ ոտքի»:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Այնճար, 1 օգոստոս 2011

Նախորդը

ԿԱՐՍԸ ԸՆԴԴԷՄ ՍԵՒՐԻ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈԵՒԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՉՈՒՆԻ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ԹՈՒՐՔ-ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆԸ

Յաջորդը

ԻՏԱԼԻՈՅ ԳԵՐԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. Ա. ՍԷ. ՄԻԼԱՆ` ՏԻՏՂՈՍԱԿԻՐ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.