Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՂՕԹՔԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՄԷՋ

August 8, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աստուածամօր տօնին նուիրուած արարողաշարքի երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ 27 յուլիս, 2011-ին, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ: Ներկաները օրուան հոգեւոր խորհուրդը ունկնդրեցին Աստուածամօր նուիրուած հոգեպարար աղօթքներու եւ շարականներու ընդմէջէն:

Լիբանանի թեմի Ազգ. առաջնորդարանի Դաստիարակութեան բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած աղօթքի այս արարողութեան բացումը կատարեց բաժանմունքի գործավարը, որ նաեւ ներկայացուց օրուան բանախօսը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբան Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանը:

Օրուան նիւթն էր` «Աստուածամայրը հայ եկեղեցւոյ շարականներու մէջ», որ հոգեւոր գեղեցկագոյն դրսեւորումով, նկարագրութեամբ եւ մեկնաբանութեամբ հաւատացեալներուն ներկայացուց ու բացատրեց հայր սուրբը: Ան անդրադարձաւ Հայ եկեղեցւոյ շարականներու մէջ Աստուածամօր նուիրուած հոգեւոր խօսքերուն, տաղերուն եւ Մարիամի Աստուածամայր ըլլալուն մասին` նշելով, թէ` «Մարիամ կը նշանակէ լուսաւորել: Աստուածամայրը քաղցր է, Աստուածամայրը սրբութիւն է. խնդրեցէք, որ Աստուածամայրը տեսնէք, անոր բարեխօսութիւնը խնդրեցէք: Երբ Աստուածամայրը իր ներկայութիւնը կը յայտնէ, անպայմանօրէն խունկ կը բուրէ, անոր համար մեր ժողովուրդը կ՛ըսէ.

«… Խնկի ծառի նման ես,
պտուղ դու, քաղցրահամ ես,
Աստուածածին, մեղայ քեզ…»:

Դասախօսութեան հետ միատեղ մէջբերումներ կատարուեցան Աստուածամօր նուիրուած «Մեծացուսցէ» շարականներէն, ինչպէս նաեւ պաստառով ցուցադրուեցան գրաբարեան շարականներու խօսքերը` օրուան խորհուրդը առաւել եւս դիւրամատչելի դարձնելու համար:

Արարողութիւնը իր լրումին հասաւ Աստուածամօր նուիրուած աղօթքով եւ շարականներու երգեցողութեամբ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ
ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

Նախորդը

ԻՍԼԱՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ. ՆՈՐՎԵԿԻԱՑԻ ՋԱՐԴԱՐԱՐԸ ԱՌԱՆՁԻՆ ՉԷՐ

Յաջորդը

ՄԵՐ ՈՒՇԱՑԱԾ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՈՎ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.