Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին մայրաքաղաքի կազմը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, տիրացաւ տիտղոսին` 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելէ ետք Պասթիան:
Այսպիսով, Լորան Պլանի կազմը, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով կը տիրանար այս մրցաշարքի բաժակին, յաջողեցաւ այս մրցաշարքին պատմութեան մէջ մրցանիշ մը հաստատել, որովհետեւ անիկա հինգերորդ անգամ ըլլալով բարձրացուց այս բաժակը: